image

Ականուած Ինքնաշարժի Պայթում Տիարպէքիրի Մէջ. Սպաննուած Են 7 Զինուորներ

Ականուած Ինքնաշարժի  Պայթում Տիարպէքիրի Մէջ. Սպաննուած Են 7    Զինուորներ

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Ականուած ինքնաշարժի պայթում մը գրանցուեցաւ  Տիարպէքիրի մէջ: Այս  մասին  կը գրէ «Տէյլի սապահ»ը, որ նաեւ կը փոխանցէ, թէ  պայթումին հետեւանքով սպաննուած են  7   զինուորներ  եւ կան    27 վիրաւորներ: Պայթումը  եղած է  զինուորներ  փոխադրող   կառքի մը մօտ: Նշենք, որ Թուրքիոյ  մէջ  անցեալ յունիսէն   ի վեր տարբեր պայթումներու     հետեւանքով զոհերուն թիւը անցած է  100-ը:  Թուրքիոյ կառավարութեան բանբեր մը    ամբաստանած է քրտական PKK -ն՝  սոյն  պայթումը    կատարելու մէջ: