image

Ահաբեկիչ զինեալներ ծանր հարուած ստացած են. Հալէպի անվտանգութիւնը կ'ամրապնդուի

Ահաբեկիչ զինեալներ ծանր  հարուած ստացած են. Հալէպի անվտանգութիւնը կ'ամրապնդուի

Սուրիոյ բանակի ջոկատներ, անցնող շաբաթներուն թէժ  մարտեր մղելէ ետք, յաջողած են իրենց տիրապետութեան տակ առնել Հալէպ քաղաքի հիւսիսը  գտնուող Պանի Զէյտ քաղաքը: Բանակը նոյնպէս յաջողած է գրաւել «Լայրամուն»  գործարանային  շրջանը, որ անցող 4 տարիներուն    դարձած էր Հալէպի  խաղաղ շրջանները թիրախ դարձնող  գլխաւոր շրջան: Ըստ «Ալ Մայատին»  կայանին, բանակի  այս յաղթանակը կարեւոր քայլ մը կը համարուի եւ կ'ամրապնդէ Հալէպի շուրջ ստեղծուած  ապահովական գօտին:  Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս շրջաններու գրաւումով Հալէպ քաղաքի տասնեակ թաղամասեր կը դառնան  ապահով  եւ կը վերագտնեն  իրենց երբեմնի անդորրը: Կը նշուի նաեւ, որ  մինչ տասնեակ զինեալներ խոյս տուած են շրջանէն, փոքր չէ  թիւը այն զինեալներուն, որ անձնատուր կ'ըլլան եւ կը  յանձնուին իշխանութիւններուն: Տարբեր աղբիւրներ նոյնպէս կը խօսին բանակին եւ  ընդդիմադիր զինեալներուն միջեւ  եղած համաձայնութեան մը մասին, որուն հիմքով զինեալները պիտի հեռանան  Պուսթան Փաշա շրջանէն:  Նշենք, որ  նոյն  օրակարգին առընթեր  Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ  հրամանագիր մը ստորագրած  է կապուած՝  ընդդիմադիր զինեալներուն, յայտարարելով, որ այն զինեալները, որոնք անձնատուր  կ'ըլլան, պետական հրամանագրով  հաստատուած  ներման պիտի արժանանան:   Յիշեցնենք, որ  հանդարտ իրավիճակ կը տիրէ նաեւ Հալէպի հայկական շրջաններուն մէջ: «Արեւելք»ի աղբիւրին համաձայն, անցնող ժամերուն Հալէպի տարբեր շրջաններուն մէջ քաղաքացիներ տօնախմբութիւններ կը կատարեն, ի տես երկրի բանակին  ահաբեկչութեան դէմ տարած  պայքարի   այս վերջին  երեւելի յաղթանակին: