image

9 Մայիսը Հայոց Եռատօն

9 Մայիսը Հայոց Եռատօն

9 Մայիսը արդէն 27 տարի է` եռակի խորհուրդ ունի հայերու համար: Անցեալ դարու 1945-ին Հայրենական մեծ պատերազմին տարած խորհրդային ժողովուրդներու, այդ շարքին` հայերու յաղթանակին գումարուեցաւ 1992-ին  Շուշիի ազատագրման յաղթանակը, որուն ալ յաջորդեց Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանական բանակի ստեղծումը:  

1941 թուականէն մինչեւ 1945 թուականի մայիսը հայ ժողովուրդը աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է Հայրենական Մեծ պատերազմին` մօտեցնելով յաղթանակը: Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած է շուրջ 600 000  հայ, որոնցմէ 314 հազարը զոհուած կամ անհետ կորած է:

Հայաստանը պատերազմի տարիներուն տուած է 4 մարշալ՝ Բաղրամեան, Պապաճանեան, Խուտեակով (Խամփերեանց), Աղանով եւ ԽՍՀՄ-ի մեկ ծովակալ՝ Իսակով: Ի դէպ, հայազգի 4 մարշալներէն 3-ը, ինչպէս նաեւ ծովակալը, ծագումով արցախցի են:

Ցուցաբերած խիզախութեան ու արիութեան համար բարձրագոյն պարգեւի՝ Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման արժանացած են հայ ժողովուրդի 99 զաւակներ (այդ շարքին՝ 4-ը խորհրդա-ֆիննական պատերազմին եւ 5-ը պատերազմէն ետք իրականացուցած յատուկ առաջադրանքներու համար) եւ եւս 10 հայաստանցիներ՝ ազգային փոքրամասնութիւններէն, ընդհանուր թիւով՝ 116 մարդ։ Անոնցմէ երկուքին՝ Խորհրդային Միութեան մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեանին եւ պահակախումբի փոխգնդապետ, օդաչու Նելսոն Ստեփանեանին, շնորհուած է Խորհրդային Միութեան կրկնակի հերոսի կոչում։ Հերոսներու շարքին են զօրավարներ, բարձր ու միջին հրամանատարներ, շարքայիններ։ Անոնցմէ 36-ը զոհուած են կռիւի դաշտին մէջ՝ հերոսի կոչման արժանանալով յետմահու։

 
Ուղիղ 24 տարի առաջ ալ 9 մայիսի առաւօտեան հայկական ջոկատները լիովին ազատագրեցին բերդաքաղաք Շուշին, որ կը համարուի բեկումնային ղարաբաղեան պատերազմին մէջ: Ողջ հակամարտութեան ընթացքին Շուշիէն կը ռմբակոծէին ԼՂԻՄ-ը, յետագային նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտը:

Շուշիի ազատագրման ուղղուած ռազմական գործողութիւնները իրականացուած են 4 ուղղութիւններով՝ միաժամանակեայ յարձակումներով՝ մայիսի լոյս 8-ի գիշերը՝ ժամը 2.30-ին, Քիրսի ռազմական դիրքերը գրաւելէ եւ Լաչին-Շուշի ճանապարհը հսկողութեան տակ վերցնելէ ետք՝ ՄՄ-21 մարտկոցի համազարկով: Շուշիի ազատագրման ծրագիրը մշակուած է Արկադի Տէր-Թադեւոսեանի գլխաւորութեամբ, ինչին զինուորականները ձեռնամուխ եղած են Խոճալուն ազատագրելէ անմիջապէս ետք:

Շուշիի ազատագրման գործողութիւնը ստացած էր «Հարսանիք լեռներում» անուանումը, որ կու  գար հոնկէ, որ այդ ժամանակ պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանը անիրագործելի համարած էր Քոմանտոսի եւ Սամուէլ Պապայեանի ներկայացուցած Շուշիի ազատագրման մարտական ծրագիրը, կը կարէր, որ նման գործողութիւն իրականացնելու համար դեռ շուտ է ու պէտք է անոր լաւ պատրաստուիլ: Անոնք որոշած էին` Շուշին գրաւելէ ետք լեռներուն մէջ Վազգէն Սարգսեանի հարսանիքը կազմակերպել. այդպէս ալ գործողութիւնը ստացած է «Հարսանիք լեռներում» պայմանական անուանումը:

9 Մայիսին կը նշուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ստեղծման տարեդարձը: ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակ պաշտօնապէս ստեղծուած է 9 մայիս 1992-ին, որով միաւորուած են դեռ 1990-ին գործող անջատ ինքնապաշտպանական ռազմական միաւորումները:

Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի մէջ 9 մայիսը կը նշուի մեծ շուքով: Յաղթանակի տօնի 74-րդ, ԼՂՀ ՊԲ-ի եւ Շուշիի ազատագրման 27-րդ տարեդարձին նուիրուած տարբեր միջոցառումներ ծրագրուած են: