image

«60 Տարուան աւանդ ունեցող «Ադամեան» թատերախումբը պիտի շարունակէ իր երթը». Ներսէս Տաղլեան

«60 Տարուան աւանդ ունեցող «Ադամեան» թատերախումբը պիտի շարունակէ իր երթը». Ներսէս Տաղլեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  ՀԲԸՄ-ի Հալէպի « Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի պատասխանատուներէն՝ Ներսէս Տաղլեան:


-Հակառակ պատերազմէն ետք Հալէպի մէջ ստեղծուած ծանր պայմաններուն,  ՀԲԸՄ-ի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը  անցնող օրերուն  ներկայացուց ՝  Վաչէ Ատրունիի կողմէ բեմադրուած «Ծերունին Եւ Լեռը» թատերակը: Ի՞նչ էր այս ներկայացման պատգամը:

«Ծերունին Եւ Լեռը» ներկայացման պատգամը կը կայանայ՝ ամրապնդելու այն իրողութիւնը, որ ծննդավայրի կարօտը միշտ գերակշռած է մարդու գիտակցութեան եւ ենթագիտակցութեան վրայ. զանազան պայմաններէ ելլելով, արմատներէն հեռացած ծերունին կը նախընտրէ վերադառնալ իր ծննդավայրը՝  Քեսապ  եւ չի գաղթեր իր հարազատներուն հետ Ամերիկա ... :

 

-Հակառակ Հալէպի մէջ տիրող պայմաններուն, հակառակ պատերազմին, դուք, որպէս թատերախումբ, շարունակեցիք ձեր գործունէութիւնը, ի՞նչ էր գաղտնիքը այս կամքին, ի՞նչ ներուժ էր այդ մէկը:

Պատերազմը իր ծանր պայմաններով չկարողացաւ   տկարացնել Հալէպի  Հ.Ե.Ը -ի Պ. Ադամեան թատերախումբը եւ անոր ժրաջան ու հայրենասէր անդամներուն ամուր կամքը, այլ ընդհակառակը, աւելի արմատացուց եւ անխախտելի պահեց այդ կամքը:

Պատերազմի դաժան տարիներուն թատերախումբը կրկնապատկեց իր եռանդը, ժողովուրդին ներկայացնելով տարբեր ժանրի թատերախաղեր՝ կատակերգութիւն, տրամա, մանկապատանեկան գործեր, համագործակցելով լաւագոյն բեմադրիչներու հետ: Ահա այս մեկնակէտով պարտք կը զգանք  բարձր պահել թատերական արուեստը   Հալէպ  մայր գաղութին մէջ:

 

-Ինչպիսի՞ն է «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի վիճակը,  ի՞նչ է խումբին թուային պատկերը: Արդեօք խումբը ազդուեցաւ  պատերազմին հետեւանքով:

Մեր  թատերախումբը հալէպահայ գաղութին մէջ ունի մօտ 60 տարուան պատմութիւն եւ բեմ  հանած է  94 ներկայացում։ Խումբը այդ թատերախաղերը ներկայացնելու համար 608 անգամ վարագոյր բացած է: Այս տարիներու աշխատանքը թատերական մարզին մէջ բարձր պատասխանատւութեան գիտակցութիւն յառաջացուց «Ադամեանականներ»ու հոգիներուն մէջ եւ պատերազմի պայմաններուն մէջ եւս, գիտակցեցանք, որ բոլորս պարտաւոր ենք պահել մեր թատերախումբը պատնէշին վրայ, նաեւ շարունակել անոր  վեհ առաքելութիւնը յանուն հայ մշակոյթի եւ թատերական արուեստի  պահպանման։ Ճիշդ է, որ պատերազմը ծանր էր,  սակայն 60 տարուան  աւանդ  ունեցող մեր թատերախումբը վճռած էր շարունակել երթը։


-Գաղութի մօտեցումը ինչպէս է ընդհանրապէս թատերական կեանքին, կը քաջալերե՞ն ձեզ: Առհասարակ ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ մշակութային կեանքին վերաբերեալ:

Պատերազմն անշուշտ ունեցաւ իր ծանր հետեւանքները, մարդիկ ճամբորդեցին, ուրիշներ մնացին: «Ադամեան թատերախումբ»ը անցնող տարիներուն շարունակեց իր աշխատանքը, իր շարքերէն ներս ընդունելով շնորհալի եւ տիպար միութենական նոր դերակատարներ, որովհետեւ խորապէս կը հաւատայինք ու դեռ ալ կը հաւատանք առողջ սերնդափոխութեան գաղափարին։ Նոր անդամները շուտով համակերպուեցան մեր մեծ  ընտանիքին հետ: «Ադամեան»ի մէջ տիրող մթնոլորտը սէրն ու գործի ճշդապահութիւնն է, լրջութիւնն ու կարգապահութիւնը, որ կը պահէ ու կը  պահպանէ մեր հարազատ ընտանիքը: Ահա այս զօրաւոր հիմքերուն վրայ կը շարունակէ «Ադամեան»ը աշխատիլ հալէպահայ գաղութին մէջ: Այստեղ կ'ուզեմ յիշել, որ անցող 8 տարուան պատերազմի տարիներուն ընթանցքին «Ադամեան» թատերախումբը ներկայացուցած է 14 ներկայացում, 78 ելոյթներով ։

 

-Ի՞նչ են ձեր ապագայ ծրագիրները եւ այդ առումով ի՞նչ են այդ ծրագիրներու գործադրութեան հեռանկարները:

Անշուշտ  պիտի շարունակենք    մեր  ապագայ գործունէութիւնը, գաղութի ժողովուրդին ներկայացնելով տաբրեր թատերական գործեր:

Թատերախումբին ապագայ նպատակներէն մէկն է՝ թափ տալ մանկապատանեկան ներկայացումներուն, մանուկներուն եւ պատանիներուն ներկայացնել դաստիարակչական ներկայացումներ, նաեւ կազմակերպել ծիծաղի երեկոներ, գաղութի հանդիսատեսին փոխանցելով զուարճալի պահեր։ Որպէս եզրակացութիւն ըսեմ, որ մեր թատերախումբը ամենայն պարկեշտութեամբ եւ բծախնդիր աշխատանքով պիտի շարունակէ ծառայել հայ բեմին ու թատերական արուեստին: