Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի աշխոյժ անդամներէն Ներսէս Ներսէսեան։
Այս մասին իմացանք համացանցէն։
Կը նշուի նաեւ, որ Մեսրոպեան վարժարանի սան Ներսէս Ներսէսեանը, նոյնպէս աշխոյժ անդամներէն էր ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի սկաուտական շարժումին։
Այս առթիւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը հրապարակած է տխրունի մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի տնօրէնութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ վարժարանի այս տարուայ BT աւարտական դասարանի աշակերտ Ներսէս Ներսէսեանի դառնալի մահը, որ պատահեցաւ այսօր, Շաբաթ, 19 Յունիսին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Տնօրէնութիւնս Մեսրոպեանի ամբողջ ընտանիքին անունով կը ցաւակցի վաղամեռիկ Ներսէսի ծնողներուն, հարազատներուն, դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն ու բոլորին կը ցանկայ ուժ, կորով եւ համբերութիւն` ի դիմաց այս ծանր կորուստին: