Իսրայէլեան դատարան մը, երեքշաբթի օր, 18 ամսուան ազատազրկման վճիռ արձակած է իսրայէլացի Րաբբի՝ Ալիազար Փերլանտի նկատմամբ, երեք կանանց լլկելու եւ ակամայ համբուրելու մեղադրանքներով: Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլեան Արդարադատութեան նախարարութիւնը, կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ ամբաստանեալ Փերլանտը կը գլխաւորէ հրէական կրօնական խմբաւորում մը:
Յայտնենք, որ Փերլանտ (78 տարեկան), «Պրացլաւ» ծայրայեղ կրօնական խմբաւորման հոգեւոր ղեկավարն է: Ան 2013–ին հեռացած է Իսրայէլէն՝ կանանց գրգռելու ամբաստանութեան հետեւանքով: Մարօք, Զիմպապուէյ, Հոլանտա եւ Հարաւային Ափրիկէ ուղղուելէ ետք, ձերբակալուած է Ժոհանսպըրկ եւ անցեալ յուլիսին յանձնուած է Իսրայէլին: