image

Ուիքիփէտիան Թուրքիոյ դէմ դատ բացած է

Ուիքիփէտիան Թուրքիոյ դէմ դատ բացած է

Ուիքիփետիան դիմած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ)՝ Թուրքիոյ մէջ իր կայքի 2-ամեայ արգելափակման հարցով, կը հաղորդէ BBC-ին:

Wikimedia Foundation-ը յայտարարած է, որ արգելքը կը խախտէ կարծիքի արտայայտման ազատութեան իրաւունքը:

Թուրքիոյ մէջ Ուիքիփետիան փակուած էր 2017 թուականին: Այդ ժամանակ թուրք պաշօնեաները յայտարարած էին, որ «վարչարարական միջոց» ընդունուած է: Թրքական ԶԼՄ-ներու խօսքով՝ իշխանութիւնները խնդրած են Ուիքիփետիայէն ջնջել «ահաբեկչութեան աջակցող» հեղինակներու մասին բովանդակութիւնները:

«Մենք դիմած ենք այս քայլին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք»,- յայտարարած է Wikimedia Foundation-ը:

Անգարան արգելափակած էր կայքը սուրիական պատերազմի եւ ահաբեկչութեան աջակցման մասին յօդուածներու պատճառով: Ուիքիփետիայէն բացատրած էին, որ յօդուածները կարելի է խմբագրել, իսկ անոնց հեռացումը կը հակասէ գիտելիքներու ժողովրդավարացման արժէքներուն: