image

Լիբանանցի կին մայորը հեռացվել է աշխատանքից՝ ֆեյսբուքյան լայքի պատճառով

Լիբանանցի կին մայորը հեռացվել է աշխատանքից՝ ֆեյսբուքյան լայքի պատճառով

Լիբանանի ներքին անվտանգութեան ուժերու  կին զօրավար Սուզան Ալ Հաժ Հըպէյշ դիմատետրի վրայ իր կատարած հաւանումին (Like) պատճառով հեռացուած է պաշտօնէն: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է «Ալ Ժատիտ» կայանին կողմէ, որ նաեւ կը հաւաստէ,որ որոշումը առնուած է երկրի պետական ապահովութեան  ընդհանուր ղեկավարութեան  կողմէ:

 

Հաժ, որ կը վարէր «Համացանցի վերահսկողութեան գրասենեակ»ի գլխաւոր ղեկավարի պաշտօնը, արձագանգած է որոշումին նշելով, որ իր կատարած հաւանումը անուշադրութեան արդիւնք էր եւ ժամեր անց փոխած է իր մօտեցումը, բայց հաւանումը տարածուած էր որովհետեւ տասնեակ օգտատէրեր Snapshot ըրած էին այն  եւ տեղադրած Twitter-ի կարգ մը էջերուն վրայ:

Ինչ կը վերաբերի զօր. Ալ Հաժի կատարած հաւանումին, այն կը վերաբերէր լիբանանցի յայտնի բեմադրիչ՝ Շարպէլ Խալիլի կատարած գրառման: Խալիլ անդրադարձած էր Սէուտական Արաբիոյ իշխանութեանց կողմէ կանանց ինքնաշարժ վարելու տրուած իրաւունքին հեգնական շեշտով, յաւելելով, որ «սէուտցի կիներուն իրաւունք տրուած է վարել... միայն ականուած ինքնաշարժներ»:

Լրատուական աղբիւրներ եւ ընկերային ցանցերու աշխոյժ հետեւորդներ արձագանգած են զօր. Հաժի իր պաշտօնէն հեռացման, տրուած որոշումը համարելով անարդար եւ  անտեղի:

Կարգ մը աղբիւրներ, աւելի հեռուն երթալով պատճառաբանած են, որ զօրավարին պաշտօնէն հեռացուիլը հետեւանք է անոր եւ «Պետական անվտանգութեան» մարմնի ընդհանուր ղեկավար զօր. Իմատ Օսմանին  միջեւ առկայ  լարուածութեան:

«Ալ Ժատիտ» նաեւ կը յայտնէ, որ կին զօրավարը կարեւոր եւ դրական գործունէութիւն ծաւալելով հասած է մեծ յաջողութիւններու: