Պէյրութի նաւահանգիստներէն մէկուն մէջ 4 օգոստոսին տեղի ունեցած աղիտալի պայթումին զոհ գացած են հարիւրաւոր լիբանանցիներ, որոնցմէ 11-ը, ինչպէս յայտնած ենք, հայեր են: Անոնցմէ 2-ին ինքնութիւնը «Արեւելք»ը պարզած է այսօր՝ Շանթ Յակոբեան եւ Ալիս Պալեան:
Աւելի վաղ տեղեկացուցած էինք Նազար Նաճարեանի, Ճեսիքա Պէզճեանի, Տելիա Փափազեանի, Ժագ Բարամագեանի, Անահիտ Պէրպէրեանի, Լիզա Գաւուքճեան-Կոզուպէօուքեանի, Վարուժան Թոսունեանի, Գայա Ֆոտուլեանի, Սարգիս Թէքիրեանի մահուան մասին:
Անոնց անուններուն աւելցած են Շանթ Յակոբեանի եւ Ալիս Պալեանի անունները:
Շանթ Հակոբյան
Ալիս Բալյան