92 տարեկանին մահացած է լոնտոնաբնակ գրող, հրապարակախօս, խմբագիր՝ Ասատուր Կիւզէլեան:
Ան ծնած է 1932-ին՝ Ալէքսանտրէթ (Թուրքիա): Աւարտած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը, ապա դասաւանդած է նոյն վարժարանին մէջ: 1957-ին Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի հոգաբարձութեան հրաւէրով մեկնած է Մատրաս եւ դասաւանդած տեղի հայկական ճեմարանին մէջ: 1964-ին ընտանիքով հաստատուած է Լոնտոն:
Ապրելով եւ գործելով նշուած երկիրներուն մէջ` ան մշտապէս քաջատեղեակ եղած է հայկական գաղթօճախներու հասարակական, քաղաքական, մշակութային ու ներքին կեանքին: Լոնտոնի մէջ հրատարակուող «Արեգակ» եւ «Լոնտոն» հայկական ամսաթերթերու գլխաւոր խմբագիրն էր: Ասատուր Կիւզէլեան նաեւ բազմաթիւ գիրքերու, յօդուածներու, հրապարակումներու ու հարցազրոյցներու հեղինակ է: Ան ակներեւ էր հայրենագիտութեան , հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցիի պատմութեան, ինչպէս նաեւ հայ գրականութեան իմացութեամբ եւ ազգանպաստ գործունէութեամբ:
Ա. Կիւզէլեան բարեկամական եւ նամակագրական կապեր հաստատած էր Հայաստանի եւ արտասահմանի անուանի հայ գրողներու, երաժիշտներու, արուեստագէտներու, գիտնականներու, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներու հետ, որոնց մէկ մասին հետ իր նամակագրութիւնները տեղ գտած են իր գիրքերուն մէջ:
Մտաւորականին մասին նկարահանուած է «Ասատուր» վաւերագրական ֆիլմը: