image

Սուրիացի կին գործիչն ու անոր դուստրը սպաննուած գտնուած են Պոլսոյ մէջ

Սուրիացի կին գործիչն ու անոր դուստրը սպաննուած գտնուած են Պոլսոյ մէջ

Սուրիացի ընդդիմադիր գրող 60-ամեայ Ուրուպա Պարաքաթ եւ դուստրը՝ 22-ամեայ լրագրող Հալա Պարաքաթ Պոլսոյ մէջ սպաննուած գտնուած են: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը հինգշաբթի գիշեր անոնց դիակները բացայայտած է Պոլսոյ Սքիւտար շրջանին մէջ գտնուող անոնց բնակարանին մէջ:

Միջադէպի մանրամասներու վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւն դեռ չէ ներկայացուած:

Սպաննուած Ուրուպային քոյրը՝ Շազա Պարաքաթ Ֆէյսպուքի էջին գրած է. «Անարդարութեան եւ բռնակալութեան բազուկը սպաննեց քրոջս՝ դոկտ. Ուրուպա Պարաքաթին եւ անոր աղջկան Հալային, Պոլսոյ իրենց տան մէջ, դանակահարելով», աւեցնելով, որ Ուրուպա քառասուն  տարիէ ի վեր   կը գրէր ու կը բացայատեր յանցագործները, «եւ այսօր իր եւ Հալայի անուններ  յայտնուած են թերթերու  առաջին էջերուն վրայ»:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը նշած է, որ դիակներու ուշ՝ 4-5 օր անց բացայայտման պատճառը, յանցագործի կողմէ անոնց լուացքի դեղով ծածկուած ըլլալն էր:

Նշենք, որ Ուրուպա Պարաքաթ անդամ էր Սուրիոյ ազգային ընդդիմադիր խորհուրդին, որ կազմուած էր 2011-ին, իսկ անոր դուստրը  Հալան, Սուրիայէն դուրս գործող ընդդիմադիր լրատուական գործակալութեան մը աշխատակիցն էր: