image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Օսկանեան՝ Մեղրիէն մինչեւ Ուաշինկթըն

Խմբագրական «Մասիս»ի. Օսկանեան՝ Մեղրիէն մինչեւ Ուաշինկթըն

Ամերիկահայ կազմակերպութիւններու մեծամասնութիւնը Օսկանեանի կոչը արժանացուցին անտեսումի ու իր քաղաքական, բարեգործական, եկեղեցական ու հասարակական միաւորներով ներկայ գտնուեցան Վարչապետի հետ հանդիպումին՝ բարձր պահելով Հայաստանի պետականութեան վարկը։  Արդար ըլլալու համար յայտնենք, որ ՀՀ դեսպանատան առջեւ հինգ երիտասարդներ կը բողոքէին Փաշինեանի այցելութեան դէմ։

Այս վերջին գաղտնազերծումներու լոյսին տակ, Ժամանակն է, որ Վարդան Օսկանեանն ու իր ղեկավար՝ Ռոպերթ Քոչարեանը հեռանան քաղաքական ասպարէզէն, բայց նախ քան այդ ընդունին, որ Մեղրին Ղարաբաղի հետ Փոխանակելու հարցը իրենց համար եղած է ընդունելի տարբերակ։

 

Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութիւնը գաղտնազերծած է փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն, թէ 90-ականներու վերջերուն Ռոպերթ Քոչարեանն ու Հէյտար Ալիեւը գլուխ-գլխի հանդիպումներու ընթացքին համաձայնութեան եկած են լուծելու Ղարաբաղեան խնդիրը տարածքներու փոխանակմամբ՛ Մեղրին Ղարաբաղի դիմաց սկզբունքով։

Անցնող  տասնամեակներուն այս հարցը եղած է Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս ամենէն աւելի արծարծուած հարցերէն մէկը, սակայն այդպէս ալ մնալով օդին մէջ կախուած՝ առանց յստակեցման։

Այդ օրերուն գլխաւոր դերակատարները հանդիսացող Ռոպերթ Քոչարեանը ու անոր կողքին կանգնած՝ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը միշտ ալ հերքած են նման ծրագիրի մը գոյութիւնը, որուն իրականացումը պիտի նշանակէր ընդունիլ  Ղարաբաղի Ատրպէյճանին պատկանելութիւնը, իսկ Մեղրիի հետ փոխանակումը պիտի փակէր կապը  Իրանի հետ« այդպիսով աւելի սեղմելով Հայաստանի շուրջ շրջափակումը։

Այս նոր բացայայտումները մեծ ուշադրութեան պիտի չարժանանային, եթէ նախկին երկու նախագահները տարիներ շարունակ Արցախի Հարցը չօգտագործէին իրենց քաղաքական նպատակներուն համար, իսկ հիմա կը շահագործեն՝ իշխանութեան վերադառնալու համար։

Այս արկածախնդրական ծրագրի  գլխաւոր դերակատարներէն մին՝ Վարդան Օսկանեան կը շարունակէ մեղադրել ներկայ իշխանութիւնները՝ Արցախի կորուստին համար, անտեսելով կամ մոռացութեան տալով ի՛ր պատասխանատութիւնը դէպքերու նման զարգացման մէջ։

Փոխանակ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու մասին խօսելու Օսկանեան ինքզինքին իրաւունք տուած է կոչ յղելու Ամերիկահայութեան՝ չհանդիպելու Ուաշինկթըն այցելող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Իր կոչը հիմնաւորելու համար Օսկանեան կ՛ըսէ․ «Փաշինեանի ձախողած առաջնորդութեամբ Հայ ժողովուրդը  կը բոլորէ իր նորագոյն պատմութեան իր ամենէն աղետալի շրջանը․․․ Հայաստան կրեց զինուորական պարտութիւն եւ ունեցաւ հողային կորուստներ․․․ Փաշինեանի վարկանիշը հասած է 10 տոկոսի․․․ ժողովրդավարութիւնը նահանջի մէջ է․․․ Փաշինեան կը խանգարէ Արցախցիներու վերադարձը իրենց բնակավայրերը  եւ գերիներու ազատ արձակումը»։

Ըստ Օսկանեանի, իր այս բոլոր մեղքերուն համար Ամերիկահայ կազմակերպութիւնները պէտք է պոյքոթի ենթարկեն Փաշինեանի այցը Միացեալ Նահանգներ։

Նախ սկսինք Փաշինեանի վայելած ժողովրդականութենէն։ Եթէ նոյնիսկ պահ մը ընդունինք, որ այդ նշուած տոկոսները ճիշդ են, Փաշինեանի ժողովրդականութիւնը կը շարուակէ մնալ 10 անգամ աւելի բարձր՝ քան իր գլխաւոր հակառակորդները հանդիսացող՝  Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգիսեանի վարկանիշը, որ 1 տոկոսի սահմաններուն վրայ է։

Ինչ կը վերաբերի Արցախի կորուստին, այս վերջին փաստաթուղթերը անգամ մը եւս կու գան հաստատելու, որ անոր հիմքերը դրուած էին տակաւին տարիներ առաջ։ Իսկ, Գալով պատերազմի դաշտին վրայ կրած պարտութեան, Փաշինեան առաջին օրէն ընդուած է պատասխանատուութեան ի՛ր բաժինը, սակայն գլխաւոր պատասխանատուները կը մնան Քոչարեանն ու Սարգսեանը, որոնք ամբողջութեամբ անտեսած էին բանակը արդիական զէնքերով օժտելու անհրաժեշտութիւնը, այն օրերուն երբ Ատրպէյճան արագօրէն կը զինուէր ու կը պատրաստուէր պատերազմի։ Այս անտեսումին գլխաւոր պատճառը այն էր, որ պետական գանձի կողոպուտը առիթ չէր տար բանակի հզօրացման համար գումար յատկացնելու։

Ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան նահանջին, Վարդան Օսկանեան վերջին անձն է, որ իրաւունք ունի ժողովրդավարութեան մասին խօսելու։ Ան տասը տարի ծառայեց նախագահի մը, որուն ժամանակ տեղի ունեցան  39 քաղաքական սպանութիւններ, փակուեցան անկախ լրատուամիջոցներ, բանտերը լեցուեցան քաղաքական բանտարկեալներով ու միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն կողմէ Հայաստան դասուեցաւ «ոչ ազատ» երկիրներու շարքին։

Ամերիկահայ կազմակերպութիւններու մեծամասնութիւնը Օսկանեանի կոչը արժանացուցին անտեսումի ու իր քաղաքական, բարեգործական, եկեղեցական ու հասարակական միաւորներով ներկայ գտնուեցան Վարչապետի հետ հանդիպումին՝ բարձր պահելով Հայաստանի պետականութեան վարկը։  Արդար ըլլալու համար յայտնենք, որ ՀՀ դեսպանատան առջեւ հինգ երիտասարդներ կը բողոքէին Փաշինեանի այցելութեան դէմ։

Այս վերջին գաղտնազերծումներու լոյսին տակ, Ժամանակն է, որ Վարդան Օսկանեանն ու իր ղեկավար՝ Ռոպերթ Քոչարեանը հեռանան քաղաքական ասպարէզէն, բայց նախ քան այդ ընդունին, որ Մեղրին Ղարաբաղի հետ Փոխանակելու հարցը իրենց համար եղած է ընդունելի տարբերակ։

 

Գրիգոր Խոտանեան

«Մասիս»