Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը ռուս-ուքրանական պատերազմը կը դիտարկէ որպէս ձգձգուած, փակուղային հակամարտութիւն, որ պէտք է աւարտել. այս մասին Fox News-ին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Մարքօ Ռուպիոն:
«Անկեղծ ըսած՝ սա միջնորդաւորուած (փրոքսի) պատերազմ է միջուկային տէրութիւններու՝ Ուքրանիոյ օգնող Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ: Այն պէտք է աւարտել: Եւ ոչ ոք այն աւարտին հասցնելու գաղափար կամ ծրագիր ունի։ Մինչ այժմ ուքրանացիներու եւ Քափիթոլիումի մէջ անոնց դաշնակիցներու եւ այլ երկիրներու ծրագիրը հետեւեալն է՝ եկէք շարունակենք անոնց տալ այնքան (օգնութիւն), որքան անհրաժեշտ է եւ այնքան ժամանակ, որքան պատերազմը կը շարունակուի: Այդ ռազմավարութիւն չէ», -ըսած է արտաքին գործոց նախարարը:
Ռուպիոն ընդգծած է, որ թէեւ Ռուսիան մեծ երկիր է, այնուամենայնիւ այն եւս խնդիրներ ունի, ուստի իրավիճակը փակուղային է:
«Սա բացատրուած է բոլորին եւ շատ պարզ: Այն ամէնը, որ նախագահը կը փորձէ ընել այստեղ, պարզելն է, թէ արդեօք կայ ճանապարհ դէպի խաղաղութիւն: Մենք պէտք է ներգրաւենք երկու կողմերը՝ ռուսերը եւ ուքրանացիները։ Մենք ուքրանացիներէն խնդրեցինք այդ սապոթաժի չենթարկել։ Երբ փոխնախագահը շեշտեց, որ դիւանագիտութիւն կը պահանջուի նման հարցերը լուծելու համար, նախագահ Զելենսքին, ցաւօք, որոշում կայացուցած է մարտահրաւէր նետել փոխնախագահին եւ սկսած կասկածի տակ դնել, թէ արդեօք դիւանագիտութիւնը հնարաւոր է՝ ըստ էութեան սապոթաժի ենթարկելով եւ խափանելով նախագահի ծրագիրը», -ըսած է Ռուպիոն՝ նկատի ունենալով փետրուար 28-ին Սպիտակ տան մէջ Թրամփի, փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի միջեւ տեղի ունեցած թէժ լեզուակռիւը։
Միեւնոյն ժամանակ արտաքին գործոց նախարարն ըսած է, որ դիրքորոշման վերանայում տեղի ունեցած է:
«Հակամարտութեան լուծումը զիջումներ կը պահանջէ երկու կողմերէն, բայց պէտք է երկուքն ալ սեղանի շուրջ նստին: Ակնյայտ է, որ ուքրանացիները պէտք է այնտեղ ըլլան: Այդ իրենց երկիրն է: Ռուսերը պէտք է ըլլան սեղանի շուրջ։ Եւ միայն նախագահ Թրամփը կրնայ այդ հնարաւոր դարձնել», - եզրափակած է ան: