image

Մարուշ Երամյան․ Թելլօն

Մարուշ Երամյան․ Թելլօն

Մահացեր է Թելլօն: 

Լուրը կայծակի արագութեամբ կը տարածուի եւ կայծակի պէս կը զարնէ լսողները: Գիտէի՛ն որ առողջական հարցեր ունի, բայց գիտէին նաեւ, որ Թելլօն շատ զօրաւոր կին է, եւ ինչպէս ամէն դժուարութիւն, այս եւս կը յաղթահարէ:

-Բայց շատ չեղա՞ւ,- ըսեր էր իր մտերմուհիին:

Իրապէ՛ս ալ յաճախ շատ են հիւանդութեան ցաւն ու տառապանքը, մանաւանդ այնպիսի անձերու համար, որոնք իրենց բարեհամբոյր խառնուածքով եւ օգնելու անսպառ եռանդով կը դառնան սիրելին իրենց միջավայրին, ուր իւրաքանչիւր անձ աղօթք մը ունի իր սրտին մէջ: Այդ բոլոր աղօթքներուն գումարն իսկ չկրցաւ հրաշքի պէս փրկել Թելլօն: 

-Բայց ուրկէ՞ գտեր էք այս անունը,- հարցուցեր էի օր մը իր մօր:

-Այդ երգը նոր մէջտեղ եկեր էր, ես ալ, Պերճն ալ շատ սիրեցինք եւ որոշեցինք, եթէ աղջիկ մը ունենանք, անունը Թելլօ դնենք:

Թելլօն, այդ միջնադարեան մատոնաներու դէմքով աղջիկը, կիրթ, հեզ, ժպտուն, աշխատասէր, որուն ամէն հանդիպելուս հոգիս կը ժպտար կարծես եւ կ'ուզէի անպայմա՛ն աղուոր խօսք մը ըսել իրեն: Բայց մտերիմ չէի իր հետ եւ կը քաշուէի, որ յանկարծ խօսքս կեղծիքի տպաւորութիւն չձգէ: Բայց Թելլօն իրապէ՛ս արժանի էր, որ զինք գնահատէի, իրեն արժանի խօսքը ըսէի: Թերեւս անմիջականութիւնս կրցած էր բան մը ըսել իրեն, գնահատական խօսքերու փոխարէն:

Այսօր խորապէս կը ցաւիմ իր մահուան առջեւ, իրմով մեր ունեցած կորուստին առջեւ, իր նման մէկը կորսնցուցած ըլլալու համար: Իր նմանները այնքա՜ն անգտանելի սկսեր են դառնալ արդէն:

Իր յիշատակը պիտի դառնայ հաւաքական յիշատակ մը իւրաքանչիւր Ճեմարանականի համար, զինք ճանչցող իւրաքանչիւր անձի համար:

Երբեմն սակայն յիշատակները բաւարար չեն: