image

Հայաստանը ԵՄ-ի մէջ պաշտպանութեան հարցերով կցորդ պիտի ունենայ

Հայաստանը ԵՄ-ի մէջ պաշտպանութեան հարցերով կցորդ պիտի ունենայ

Հայաստանը Եւրոպական Միութեան մէջ պաշտպանութեան հարցերով կցորդ պիտի ունենայ: Որոշման նախագիծն ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին:

Պաշտպանութեան հարցերով կցորդի նստավայրը Պելժիոյ Թագաւորութիւնն է՝ Պրիւքսել քաղաքը։

Համաձայն հիմնաւորման՝ կցորդը պիտի իրականացնէ միջազգային կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ անդամ պետութիւններու միջեւ ռազմական եւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան համադրման եւ համակարգման աշխատանքները, պիտի ամրապնդէ փոխգործակցութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ կներկայացնէ համագործակցութեան հեռանկարային զարգացման վերաբերեալ առաջարկութիւններ: