image

Թրամփէն նոր սպառնալիք՝ «Համաս»ին

Թրամփէն նոր սպառնալիք՝ «Համաս»ին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաղեստինեան «Համաս» շարժումէն պահանջած է ազատ արձակել բոլոր իսրայէլացի պատանդները՝ մերժման պարագային սպառնալով հատուցմամբ:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան գրած է իր Truth Social ընկերային ցանցին մէջ։

«Ազատ արձակեցէք բոլոր պատանդները հիմա, ոչ թէ յետոյ, եւ անյապաղ վերադարձուցէք այն բոլոր մարդոց մարմինները, որոնց դուք սպանած էք, այլապէս՝ ձեզի համար ամէն բան աւարտած է», - գրած է Թրամփ։

Ան նախազգուշացուցած է, որ ««Համաս»-ի ոչ մէկ անդամ անվտանգ պիտի ըլլայ», քանի դեռ պաղեստինեան շարժումը չէ կատարած իր պայմանները։

«Սա ձեր վերջին նախազգուշացումն է: Հիմա ժամանակն է, որ ղեկավարութիւնը հեռանայ Կազայէն, քանի դեռ հնարաւորութիւն ունիք», - ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։

Թրամփ նաեւ դիմած է Կազայի բնակիչներուն՝ խոստանալով հիանալի ապագայ, եթէ անոնք չպահեն պատանդները։

«Եթէ այդ ընէք (շարունակէք պահել պատանդները), դուք կը մահանաք: Խելամիտ որոշում կայացուցէք: Ազատ արձակեցէք պատանդները հիմա, այլապէս աւելի ուշ ստիպուած պիտի ըլլաք հատուցել ատոր համար», - յայտարարած է ան։

Թրամփ վերջնագիր ներկայացուցած է վեց իսրայէլացի պատանդներու հետ հանդիպումէն ետք, որոնք ազատ արձակուած էին Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ հրադադարի համաձայնագրի առաջին փուլի շրջածիրէն ներս։

Միեւնոյն ժամանակ, «Համաս»-ի ներկայացուցիչ Հազեմ Քասեմը CNN հեռուստաալիքին յայտնած է, որ Թրամփի հրապարակումը «կը բարդացնէ հրադադարի համաձայնագրի հետ կապուած հարցերը» եւ Իսրայէլի կառավարութիւնը կը դրդէ չկատարելու այն։

Աւելի վաղ Axios լրատուական հարթակը հաղորդած էր Տոհայի մէջ պատանդներու հարցերով Միացեալ Նահանգներու նախագահի պատուիրակ Ատամ Պոուլըրի եւ «Համաս»-ի ներկայացուցիչներու միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու մասին. կողմերը փորձած են նոր համաձայնութեան գալ Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման շուրջ:

Պաղեստինեան շարժումը Կազայի մէջ 59 պատանդ կը պահէ։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հաստատած  է, որ անոնցմէ 35-ը զոհուած է։ Իսրայէլեան հետախուզութիւնը կը կարծէ, որ 22 մարդ դեռ ողջ է, եւս երկուքի կարգավիճակն անյայտ է: Պատանդներու շարքին կայ հինգ ամերիկացի։