Մոսկուան Մաքրոնի միջուկային հռետորաբանութիւնը համարած է սպառնալիք Ռուսիոյ հասցէին։ Այս մասին այսօր յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
Լաւրովը «ջղային» անուանած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ վերաբերեալ Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւնները։ Ռուսիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարն ընդգծած է, որ Մաքրոնի մեղադրանքները, թէ Ռուսիան պատերազմ կը նախապատրաստէ Եւրոպայի դէմ, անհեթեթութիւն են։
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը մարտ 5-ին դիմած էր ժողովուրդին՝ անդրադառնալով այնպիսի հարցերու, ինչպիսին են միջուկային զսպումը, պաշտպանական ծախսերը եւ առհասարակ՝ փոփոխուող աշխարհակարգը:
«Միջուկային զսպումը կարեւոր նշնակութիւն ունի, Ֆրանսան պահպանած է միջուկային զսպումը 1964 թուականէն ի վեր: Այս զսպումը պէտք է տարածուի մեր բոլոր եւրոպացի դաշնակիցներու վրայ»,-ըսած է Ֆրանսայի նախագահը։