image

Զմմառու վանքի հիմնարկութեան 275_Ամեակին առթիւ` (1749_2024). Հայր Նարեկ Լուիսեան

Զմմառու վանքի հիմնարկութեան 275_Ամեակին առթիւ` (1749_2024). Հայր Նարեկ Լուիսեան

Կ՛անցնի ժամանակը, սակայն անհամար երախտիքները եւ գործերը միշտ վառ կը Պահէն Հայր Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի անթառամ յիշատակը։

Զմմառու վանքի հայ Կաթողիկէ երկու Միաբաններ` Հայր Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիս եւ Հայր Յակոբ Վրդ. Նեսիմեան, առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք երբ հայ գաղթականները Ֆրանսական շոգենաւով կը հասնին Լիբանանի նաւահանգիստը, ասպնջականութիւն մը գտնելու համար այդտեղ, Ֆրանսիացի Կուսակալը կը մերժէ զանոնք ընդունիլ վախնալով, որ երկրին տնտեսութիւնը ծանրօրէն կը վտանգուի եւ քաղաքական բարդութիւններ կը ստեղծուին։

Զմմառու հնադարեան վանքի (Կառուցուած 1749֊ին) , մեր այս երկու Միաբաններ հայրերը թախանձագին կը դիմեն օրուայ Մարոնիթ Հուայէք Պատրիարքին, որուն ազդեցութիւնը շատ մեծ էր Լիբանանի վրայ։ Սկիզբը Պատրիարքը կ՛առարկէ ըսելով .«Թշուառը թշուառին փոխ չի տար։Չեմ ուզէր` որ Լիբանանը հայութեան գերեզման Ծառայէ։ Թող երթան ուրիշ տեղ մեռնին»։ Հայր Պօղոս կը պատասխանէ.«Ամենապատիւ Տէր, հայը անօթի չի մեռնիր, կարող է քարէն իսկ ջուր հանել, բացէք ձեր երկրին դռները անոնց առջեւ, գոհ պիտի մնաք անոնցմէ»։ Պատրիարքը առ այդ կը համոզուի, հրահանգը կը հաղորդուի Կուսակալին ու հայերը շնորհիւ մեր իմաստուն Զմմառու վարդապետներուն կը հաստատուին Լիբանան։

Հայր Պօղոս կը նշանակուի «Ազգային Միութեան» քարտուղար եւ վարիչ Քարանթինայի հայկական աւանին։ Պէյրութի` Սիուֆի թաղի մէջ կը բանայ որբանոց (1923_1935), ու կը համախմբէ մօտ 300 հայ որբեր որոնք զինք կը կոչեն «Հայրիկ»։

Ան Քարանթինայի գիւղաւանի հրդեհէն ետք եղաւ արժանաւոր նախաձեռնողը ժողովրդային տուներուն, եւ տեղաւորեց հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ Պուրճ Համմուտի մէջ։ Եղաւ նաեւ առաջին հայ քաղաքապետը` Պուրճ Համմուտի։

1952֊ին, Ան բաժանեց Պուրճ Համմուտը` Ժտէյտիի քաղաքապետարանէն, ու հիմքը դրաւ առաջին հայ ոստանին։

Ամայի եւ խոպան Պուրճ Համմուտի շրջանը իր սեփական ջանքերով ծաղկեցուց եւ դարձուց Լիբանանի վաճառականական առաջատար կեդրոններէն կարեւորագոյնը։

Հայր Պօղոս կը վախճանի 1961֊ին։ Անոր մահը կը սգայ համայն Լիբանանահայութիւնը, որովհետեւ Ան` զտարիւն հայ էր, օրինապահ Լիբանանցի, անխոնջ շինարար, ձեռնհաս տնտեսագէտ, շրջահայեաց քաղաքական դէմք, ողջամիտ մտաւորական, որբերու Հայր, անձնուէր դաստիարակ եւ անբասիր վարդապետ։

Իր մահէն երեսուն տարիներ ետք` 27 Յունուար 1991֊ին, իր յիշատակը անմահացնելու համար, Պուրճ Համմուտի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Փրկիչ» եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը զետեղէն Հայր Պօղոս Ծ. վրդ. Արիսին կիսանդրին, ձեռամբ Ամեն.եւ Գերջ. Յովհաննէս_ Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Հայ կուսակցութիւններու, ազգային մարմիններու եւ խուռներամ հաւատացեալներու։

Այսօր երբ այցելենք Հայր Պօղոսին հիմնած Պուրճ Համմուտի աւանը, կը տեսնենք ու կը լսենք Զմմառցի Միաբան վարդապետին յիշատակը յաւերժացնող շէնքերէն ու երդիկներէն հնչող Մեսրոպեան ոսկեղինիկ Հայերէնը, որ կը կազմէ Լիբանանեան համայնապատկեր կարեւոր մէկ բաղադրիչը։

Կ՛անցնի ժամանակը, սակայն անհամար երախտիքները եւ գործերը միշտ վառ կը Պահէն Հայր Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի անթառամ յիշատակը։

«Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի, ամէն»։

 

Հայր Նարեկ Լուիսեան

Աղբիւրը՝ «vatican news»