Չորեքշաբթի, 28 Մայիսին, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Հիլտա Սոլիս 25,000 տոլար նուիրեց Մոնթեպելլոյի Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, որ իր հովանիին տակ գործող Հայ կեդրոնը կը տրամադրէ շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան, Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀՅԴ «Վահան Քարտաշեան» ուխտին, ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղին, Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մասնաճիւղին եւ ՀՄԸՄի մասնաճիւղին:
Վերահսկիչ Սոլիսին տրամադրած գումարը պիտի յատկացուի Հայ կեդրոնի նորոգութեան եւ ներկայի ու ապագայի երիտասարդական ծրագիրներու:
ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի անդամներ Ճեք Հաճինեան եւ Աշոտ Մուրատեան այցելեցին Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող Սոլիսի գրասենեակը՝ խորհրդակցութիւններ ունենալու համար անոր հետ եւ ստանձնելու գումարը:
«Վերահսկիչ Սոլիս միշտ սերտ գործակից մը եղած է մեր կազմակերպութեան: Անոր ծանօթ եմ 25 տարիներէ ի վեր, նահանգային Ծերակոյտի անդամ եղած օրերէն եւ անկէ ետք, երբ ան Քոնկրեսի անդամ դարձաւ, միշտ նեցուկ կանգնելով համայնքին եւ Հայաստանին», յայտնեց Հաճինեան:
Լուրը՝ «Ասպարէզ»էն