Ուքրանիան կորսնցուցած է Ռուսիոյ Քուրսքի մարզին մէջ օգոստոսեան անսպասելի ներխուժման ընթացքին գրաւած տարածքի աւելի քան 40 տոկոսը, այս մասին Reuters-ին յայտնած է ուքրանացի բարձրաստիճան զինուորական աղբիւրը։
«Առաւելագոյնը մենք կը վերահսկէինք շուրջ 1,376 քառակուսի քիլոմեթր, այժմ, ի հարկէ, այս տարածքն աւելի փոքր է, հակառակորդը կը մեծցնէ իր հակայարձակումներու ծաւալը», - Reuters-ին ըսած է Ուքրանիոյ գլխաւոր շտաբի ներկայացուցիչը։