image

Սկզբունքը. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Սկզբունքը. Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Սկզբունքով առաջնորդուիլը ընդհանրապէս լաւ բան է: Սկզբունք ունեցողը յաճախ ժամանակաւորապէս վնասով դուրս կու գայ: Կը կարծուի, թէ ժամանակաւոր ձեռքբերումները նուաճումներ են, սակայն բնականաբար ժամանակը ցոյց կու տայ, որ կարկտան լուծումները ի շահ որո՛ւ են:

Այդպէս է միջազգային քաղաքականութեան մէջ. Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի ամբողջ պահուածքը սկզբունքային ոչ մէկ հիմք ունի:

Առաջին օրէն, տակաւին չընտրուած, յայտնեց, որ Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմի լուծումը մէկ շաբթուան հարց էր: Աւելի ուշ Կազայի օրակարգը շուտով պիտի լուծուէր, ապա` Իրան-Իսրայէլ հակամարտութիւնը, Սուտանի օրակարգը, Հնդկաստան-Փաքիստան, Քամպոտիա-Թայլանտ եւ վերջապէս` Հայաստան-Ազրպէյճան:

Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ ստանալու հեւքին մէջ ի գործ դրուած ճիգը փաստօրէն «տաքցուր-փակցուր» քաղաքականութեամբ կը կատարուի: Ո՛չ սկզբունք կայ, ո՛չ բարոյական մօտեցում, ո՛չ ալ արդար  լուծումներ:

Ամէն բան ուժով եւ տնտեսական ճնշումներով, այսինքն պատժամիջոցներով պարտադրելու թրամփեան իրարանցում մը կայ աշխարհին մէջ:

Ամէն տեղ հարց կայ, բայց Թրամփի համար ամէն բան լուծուած է, կամ լուծուելիք խնդիրներ են բոլորն ալ:

Միակ որոշողը ժամանակն է: Ան, որ կրնայ իր սկզբունքներուն կառչած մնալ եւ չզիջիլ ճնշումներուն տակ, բնականաբար աւելի նուազ վնաս կը կրէ:

Այսօր մեր հայրենիքի կեանքին մէջ սկզբունքային մօտեցումներով մարդ գտնելը դժուար է, ո՜ւր մնաց մեծապետական այդ դրուածքին մէջ սկզբունք փնտռել:

Կարեւորը, սակայն, գործն է: Մարդիկ կրնան սկզբունքներ ճշդել, որոշումներ տալ, հակասահմանադրական, հակաօրինական, հակատեսութիւն, կամ այսօր բան մը ըսել, վաղը` բոլորովին այլ, մնայուն կեցուածք փոխել` ուզուածին եւ պահուան համաձայն:

Այս օրերուն սկզբունքային մնալը դժուար է: Կրնաս սկզբունքով մը ճամբայ ելլել, սակայն ճամբուն կիսուն, շահերուդ համաձայն, սկզբունք փոխել:

Վերջապէս, աշխատանքը, վարկը, յարատեւութիւնը եւ ճիշդին ճիշդ, սխալին սխալ ըսելու սկզբունքը կարեւոր են հաւաքականութեան մը զարգացման եւ բարգաւաճման համար:

Թրամփը իր անսկզբունքային «սկզբունքով» ամէն առտու նոր որոշումով մը կ՛արթննայ: Այդպէս ալ` մնացեալ ղեկավարները: Սակայն Հայաստան փաստօրէն այս ճգնաժամին մէջ անկիւնադարձային օրեր կը դիմագրաւէ: «Օրը նոր, սկզբունքը` նոր» քաղաքական ուղեգիծը կրնայ տեղ մը մեծ վնաս հասցնել հայրենիքին:

Հայաստանի լինել-չլինելու օրակարգը միայն այսօրուան իշխանութեան օրակարգը պէտք չէ ըլլայ: Բոլորով մասնակցելու, մասնակից ըլլալու անհրաժեշտութիւնը շատ կարեւոր է: Ժամանակը երբ անցնի, սխալ արդիւնքներու հասնինք, դարձեալ բոլորս պատասխանատու կ՛ըլլանք արձանագրուած հետեւանքին:

 

Յակոբ Լատոյեան 

«Ազդակ»