Եթէ կը յիշէք, իսկ ան, որ չի յիշեր, կ՛արժէ մատնանշել, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը, երբ պաղեստինեան ու ձախակողմեան ուժերը միացած էին եւ Լիբանանի մէջ յատկապէս քրիստոնէութեան լինել-չլինելու հարցը կար, կարեւոր ազդակ մը զարգացաւ եւ մեծ թափով ձեւ ստացաւ` լիբանանեան քրիստոնեայ ուժերու ներկայութիւնը:
Փաղանգաւոր, ազատական, Հարաս Էլ Արզ եւ այլ խմբաւորումներ Փիեր Ժեմայելի, Քամիլ Շամունի եւ այլ քրիստոնեայ ղեկավարներով զինեալ խմբակներ ստեղծեցին: Ժամանակ մը ետք իւրաքանչիւրը գտաւ իր հովանաւորը եւ փոխանակ արտաքին թշնամիին դէմ կռուելու` ներքին մաքրագործումներու սկսան:
Պատահեցաւ նոյնիսկ, որ իրարու զաւակ սպաննեցին:
Սակայն երբ հասաւ պահը, որ հայրենիքը պիտի կորսուէր, բոլոր հարցերը մէկ կողմ դրին եւ «Լիբանանեան ճակատ» խորհուրդը կազմեցին, միացուցին ուժերը եւ Լիբանանեան ուժեր ստեղծեցին, անձնական եսերը միաձուլուեցան հայրենիքի փրկութեան ի սպաս, մինչեւ իսկ Լիբանանեան ուժերու անդամ Պաշիր Ժեմայելը հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ: «Լիբանանեան ճակատ»-ի նախագահն ալ Պուլոս Նաաման գերապայծառն էր, որ օրուան մարոնի պատրիարքի ներկայացուցիչն էր:
Այսպէս, Քամիլ Շամունի հնարքն էր եւ` մտածումը, որ ամբողջ մեծապետական ծրագիրի մը յաջողութեան առջեւ պատ դրաւ եւ ուղղութիւն փոխեց:
Ինչո՞ւ այս արագ ակնարկը:
Բազմիցս գրած եմ եւ կը հաւատամ, որ հաւաքական կամք ներկայացնող, քաղաքական եւ ռազմական որոշում որդեգրող Հայաստան-սփիւռք համակարգող մարմին մը աւելի զօրաւոր եւ անխախտ կը պահէ Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական, գոյութենական օրակարգը:
«Լիբանանեան ճակատ»-ի անդամները, ինչպէս ըսի, իրարու զաւակ սպաննած, զիրար ֆիզիքականօրէն ոչնչացնելու մարտական քայլեր առած ուժեր էին: Սակայն երբ հարցը Լիբանանի մէջ քրիստոնէութեան լինել-չլինելու հասաւ, նոյնիսկ արեան վրէժը մէկդի դրուեցաւ, եւ միասնակամութեամբ Լիբանանի մէջ քրիստոնէութիւնը պահեցին:
Ի՞նչը կ՛արգիլէ այսօր Հայաստանի մէջ ազգային ուժերը համախմբելու, միասնականութեան, զօրակցութեան եւ ամրապնդման քայլեր առնելու: Ո՞վ արգիլած է միասնակամութիւնը, եւ ինչո՞ւ այսքան պառակտում: Ամէն ինչ անպայման իշխանատենչութեան օրակարգով պէտք չէ դիտել: Ընդհակառակն, այսօրուան համազգային անտարբերութեան եւ անզօրութեան դիմաց պատմական քայլեր պիտի առնուին, այլապէս ամբողջ ժողովուրդ մը պիտի կրէ այդ քայլերու չգոյութեան հետեւանքները:
Հաշուետուութիւնը ուշ կամ կանուխ կ՛ըլլայ: Սակայն ուշ է եւ ապարդիւն, եթէ բան մը կորսնցուցած ըլլանք:
Յակոբ Լատոյեան
«Ազդակ»