Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի էջէն կը կարդանք՝
Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, Համբարձման տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ: Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան, որուն աւարտին, ան Կլենտէյլի մէջ ուղղուեցաւ դէպի Reflection Venue սրահ, ուր եւ նախագահեց Համբարձման տօնին առիթով Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպած Սիրոյ սեղանին, որուն հիւրընկալներն էին Ազգային Առաջնորդարանի բարերար՝ Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեան եւ իր դուստրը՝ Սիլվի Պաղտատլեան:
Սիրոյ սեղանին ներկայ եղան Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներ՝ Տիկնայք Ծովիկ Զէթլեան եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերար եւ բարեկամ հայուհիներ, ընտանեկան պարագաներ, ընկերուհիներ եւ բազմատասնեակ հիւրեր:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մարմինի անդամ՝ Տիկին Մարալ Գլըճեան, հանդիսավարութիւնը կատարեց փոխ ատենապետ՝ Տիկին Սօսի Կէօքկէօզեան, որուն հրաւէրով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց սեղանները, ապա իբրեւ պատգամախօս՝ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն: Վեր առնելէ ետք Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձման տօնին ե՛ւ կրօնական, ե՛ւ աւանդական բնոյթը՝ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող համայնական ուրախ առիթներէն մէկը եղած է Համբարձման տօնը, որ եկեղեցական իր իմաստին կողքին նաեւ եղած է գոյնզգոյն բնութեան մէջ կանացի զուարթ տօն մը նշելու ուրախ առիթ, որ դարերու պատմութիւն ունի:
Անդրադառնալէ ետք տօնին գծով Հայ Եկեղեցւոյ կրօնական ըմբռնումին, Սրբազան Հայրը խօսեցաւ տօնին ժողովրդային նկարագիրին մասին նշելով, որ այդ օր բոլոր տարիքի հայուհիներ իրենց ուրախութիւնը կը տօնէին ծաղկաւէտ եւ թարմ բնութեան գիրկը, կարմիր, կանաչ եւ ճերմակ ծաղիկներով նարօտ կը կազմէին եւ իբրեւ պսակ կը կրէին իրենց գլուխներուն վրայ, նաեւ կերուխում կը կատարէին՝ երգով ու պարով, ապա վիճակ կը ձգէին՝ բարի բախտերու ակնկալութեամբ, ինչ որ այսօր՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի աւանդական ոգիի արտայայտութիւն, Տիկնանց Օժանդակ մարմինը բարձրորակ ճաշակով պատրաստած է բոլորիս համար, գեղեցկօրէն զարդարուած այս սրահին մէջ, վառ պահելով մեր ժողովուրդին դարաւոր հաւատքն ու պաշտամունքային սէրը՝ կապտաւուն երկնքին ու նորովի զարթնած գեղատեսիլ բնութեան նկատմամբ, եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց սրահին տեսքին ու հոն տիրող ոգեւորիչ ու բարձր տրամադրութեան համար:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց ճաշկերոյթի հիւրընկալ բարերարուհի՝ Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան-Օհանեսեանի եւ իր դստեր՝ Սիլվի Պաղտատլեանի, ապա վեր առաւ երկու հայուհիներուն եկեղեցասիրութիւնն ու Արեւմտեան Թեմի նկատմամբ ցուցաբերած բարերարութեան ոգին եւ քաջառողջութիւն, յարատեւութիւն ու երջանկութիւն մաղթելով անոնց:
Յայտնենք, որ Համբարձման տօնին առիթով բծախնդրօրէն կազմակերպուած Սիրոյ Սեղանը նաեւ կը յատկանշուէր հայկական ճոխ ուտեստներով եւ աւանդական քաղցրաւենիներով: Տիկնանց Օժանդակ մարմինի այս գեղեցիկ աւանդութիւնը ժողովրդական երգերով ճոխացուց երգիչ Յովհաննէս Պալեան, իսկ «Լիլիա Տէնս Կրուփ»ի աշակերտները ջերմացուցին սրտերը՝ ներկայացնելով քանի մը պար: Ճաշկերոյթի ընթացքին մեծ խանդավառութեամբ կատարուեցաւ աւանդական վիճակաձգութիւնը, զոր իրարու նկատմամբ սիրով ու գորովով լեցուց սրտերը՝ սրահը լեցուցած հայուհիներուն, որոնք մերթ ձայնակցեցան երգիչին ճոխ երգերուն, մերթ ալ հնչեցուցին տօնին յարմար ուրախ երգեր եւ ճաշկերոյթի ամբողջ տեւողութեան լիաբուռն նուիրեցին, ի խնդիր Արեւմտեան Թեմի մարդասիրական ծրագիրներու բարւոք իրականացման, աշխատանքներու արդիւնաւորման ու յաջողութեամբ պսակման:
Հուսկ, կազմակերպիչ մարմինի ատենապետուհի՝ Տիկին Վանիա Պապիկեան, շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեց նախ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ապա հրաւիրեալ հայուհիներուն՝ Արեւմտեան Թեմի աշխատանքներուն իրենց մասնակցութեան համար եւ յատուկ կերպով գնահատեց Մարմինի բոլոր անդամներուն ու կամաւոր գործակիցներուն նուիրուածութիւնը, աշխատանքային ոգին ու անվհատ կորովը՝ զանոնք նկատելով հիմնական գրաւականը Տիկնանց Օժանդակ մարմինի բոլոր տեսակի նախաձեռնութիւններու յաջողութեան:




