Լաւրենթեւ. Մենք կը կարծենք, որ այդ խելամիտ քայլ պիտի չըլլայ, քանի որ այն կրնայ իրավիճակը ապակայունացնել:
Սուրիոյ խնդրով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենթեւ արձագանգած է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ հնարաւոր ռազմական գործողութեան:
Թուրքիան կը պատրաստուի Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութեան, որ ուղղուած պիտի ըլլայ Անգարայի կողմէ ահաբեկչական համարուող քրտական ուժերուն դէմ:
«Մենք կը կարծենք, որ այդ խելամիտ քայլ պիտի չըլլայ, քանի որ այն կրնայ իրավիճակը ապակայունացնել», ըսած է ան` յաւելելով, որ Մոսկուան Անգարային կոչ կ'ընէ հրաժարելու այդ քայլէն եւ փորձելու հարցը լուծել քաղաքական ճանապարհով: Նաեւ նշած է, որ Ռուսիան այդ հարցով պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելիւ Թուրքիոյ:
Գրեթէ նոյնաբովանդակ յայտարարութիւն ըրած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը` զգուշացնելով Անգարան, որ այս ամէնը պիտի չնպաստէ Սուրիոյ անվտանգութեան եւ կայունութեան: