image

Զելենսքին այսօր պիտի այցելէ Թուրքիա

Զելենսքին այսօր պիտի այցելէ Թուրքիա

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին մարտ 8-ին պաշտօնական այց պիտի կատարէ Թուրքիա։

Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը։

Հաղորդուած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները մանրամասն պիտի քննարկեն ռուս-ուքրանական պատերազմին, Հացահատիկային միջանցքի համաձայնագրի շարունակման հետ կապուած վերջին շփումներու իրավիճակին եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան ուղղուած ջանքերուն առնչուող հարցեր։

Բանակցութիւններուն անդրադարձ պիտի ըլլայ նաեւ թուրք-ուքրանական յարաբերութիւններուն։