ԵՄ մամուլի խօսնակը յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանագծման ընթացքի վերաբերեալ․
«Եւրոմիութիւնը կ՚ողջունէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման գործընթացի շրջածիրէն ներս ձեռք բերուած առաջընթացը, որ յանգեցուցած է սահմանի քանի մը հատուածներու վերաբերեալ համաձայնագրի կնքման:
ԵՄ-ն կողմերուն կոչ կ՚ընէ հետագայ վճռական քայլեր ձեռնարկելու՝ երկկողմ չլուծուած այլ հարցերու լուծման համար եւ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն»: