Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը մտադիր է 2025 թուականին այցելել Թուրքիա՝ նշելու Նիկիոյ Առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակը։ Այս մասին յայտնած է Daily Sabah թերթը՝ յղում ընելով Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Բարդուղիմէոսին։
«Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը կը փափաքի միասին նշել այս կարեւոր տարեդարձը»,- պատրիարքի խօսքը մէջբերած է թերթը։
Անոր խօսքով, այժմ ստեղծուած է կոմիտէ՝ կազմակերպելու Ֆրանչիսկոսի այցը Թուրքիա, եւ Վատիկանը շուտով կապ պիտի հաստատէ հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ այդ հարցով։
Նիկիոյ Առաջին ժողովը գումարուած է 325 թուականին Հռոմի Կոստանդին կայսրի կողմէ Նիկիոյ մէջ (այժմ՝ Իզնիք քաղաքը Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի հիւսիս-արեւմուտքը) եւ դարձած է առաջին Տիեզերական ժողովը քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ։ Այն ձեւակերպած է Հաւատամքը՝ քրիստոնէական անառարկելի դրոյթներու համառօտ ամփոփում, եւ սահմանած է Զատիկի տօնակատարութեան ժամանակը: Ժողովին մասնակցած է 318 եպիսկոպոս, այդ շարքին Հայաստանէն՝ Գրիգոր Լուսաւորչի որդի Արիստակեսը։ Ըստ աւանդութեան` Արիստակեսը բերած է ժողովի որոշումները Հայաստան և ներկայացուցած Գրիգոր Լուսաւորիչին, որ զանոնք ներմուծած է Հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան եւ ծիսակարգի մէջ։