Սթրասպուրկի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի շրջածիրէն ներս նախարար Միրզոյեանը միտքեր փոխանակած է ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Մալթայի Արտաքին գործոց նախարար Իէն Պորճի հետ, յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ-էն։
Ի շարունակութիւն Երեւան այցի ժամանակ կայացած քննարկումներու՝ անդրադարձ կատարուած է ԵԱՀԿ օրակարգային հարցերու եւ տարածաշրջանային թեմաներու՝ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային իրավիճակի շեշտադրումով: