image

Հալէպի մէջ. Հանրայայտ դեղագործ Յակոբ Թահթապուրունեանի կորուստը

Հալէպի մէջ.  Հանրայայտ  դեղագործ Յակոբ Թահթապուրունեանի կորուստը

Օրերս, Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ անուանի դեղագործ, համայնքային յարգուած գործինչ՝ Յակոբ Թահթապուրունեան։

«Արեւելք» իր ցաւակցութիւնը յայտնելով, ստորեւ կը ներկայացնէ այդ մասին Սուրիոյ ՀԲԸՄ-ի կողմէ յղուած ցաւակցագիրը։

ՀԲԸՄիութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովը սրտի կսկիծով իմացաւ ՀԲԸՄիութեան հաւատաւոր 60-ամեայ վեթերան, Առողջապահական Յանձնախումբի երկարամեայ ատենապետ, ՀԲԸՄիութեան Կրթական Յանձնախումբի ատենապետ, ՀԲԸՄ-ի  Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի անկեղծ նուիրեալ, հաւատաւոր անդամ՝ դեղագործ Յակոբ Թահթապուրունեանի մահուան գոյժը, որ պատահեցաւ  Ամերիկայի մէջ։

Ան իր անձնուէր եւ  անշահախնդիր  ծառայութեան, ազնիւ եւ պարկեշտ բնաւորութեան շնորհիւ վայելեց բոլոր միութենականներուն սէրն ու յարգանքը։

Այս տխուր առիթով ՀԲԸՄիութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջ, ընտանեկան պարագաներուն հայցելով երկնային մխիթարութիւն եւ համբերութիւն։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։