image

Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի հարցով. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեան ահազանգ հնչեցուց

Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի հարցով. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեան ահազանգ հնչեցուց

Կարեւոր զարգացումներ տեղի կ՚ունենան Պոլսոյ Մխիթարեան դարաւոր վարժարանին առընթեր։ 

Վարժարանը, որ ըստ երեւոյթին նպատակ ունի իր կրթական ծրագրին մէջ որոշակի բարփոխումեր որդեգրելու վերջերս ստեղծած է նոր պաշտօն մը, որուն հիմամբ ալ դպրոցը պիտի ունենայ կառավարիչ-տնօրէն մը։

Այս կարգադրութիւնները ու առաւելապէս դպրոցին շուրջ ստեղծուած մթնոլորտը որոշակի մտահոգութիւններ պատճառած են Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր՝ Գերյ. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեանին մօտ։

Սրբազան Հայրը, որ կրօնական ընկալումներուն կողքին ամբողջ կեանք մը նուիրած է կրթական ոլորտին ու անոր պիտանի բարեփոխումներուն Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանին շուրջ ստեղծուած դրութեան առընթեր ստորագրած է բաց նամակ մը եւ այն տարածած համացանցի ճամբով։

Զերծ մնալով յաւելեալ մեկնաբանութիւններէ «Արեւելք» իր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնէ ահազանգի բնոյթ ունեցող Գերյ. Տ. Լեւոն արք.ի նամակ-գրութիւնը։

Խորհուրդիդ պաշտօնակոչումէն այս կողմ բազում անգամներ գնահատած եմ ձեր յաջողութիւնները։ Յանուն իմ բարոյական եւ հոգեւոր պարտականութեան, իբրեւ խղճի արդարացում այս անգամ դժբախտաբար կը դիմեմ ձեզի քննադատական տողերով։

Իսկոյն յաւելեմ թէ այս գրառումը սահմանուած չէ իմ էլ-նամակի անուանացանկով։ Բոլորը կրնան տարածել զայն, քանի որ կարեւոր կը համարեմ համայնքապետի տեսութիւններուն բոլորին ծանօթ ըլլալը։

Մխիթարեան Վարժարանը խորհուրդիդ անզգոյշ վարգին պատճառաւ մտահոգիչ դրութեան մատնուած է։ Ստիպուած ենք այս իրավիճակը շուտափոյթ կերպով յաղթահարել։

Համառօտ կերպով պարզեմ իմ կարծիքները։ Զանց կ՚առնեմ ցարդ ինծի փոխանցուած մտահոգութիւնները։ Յատկապէս կ՚ուզեմ ծանրանալ կարգ ու կանոնի խնդրին։

Ա) Ըստ երեւոյթի խորհուրդդ դժգոհ է դպրոցի ընթացքէն եւ ուսման մակարդակէն։ Նոյնիսկ կը խօսուի նոր ուսման եղանակի մը մասին։ Սակայն ենթադրական այդ սխալները կամ անբաւարարութիւնները առանց յստակ պարզաբանումներու ներկայացման անընդունելի է եւ տրամաբանութեան ալ խոտոր, նաեւ խիստ վտանգաւոր։ Պայման է «նոր ուսման դրութիւն» եզրի յստակացումը։ Արդեօք այդ բացատրութիւնով առանց թուղթի, առանց քերականութեան դրութիւն մը կը նախատեսուի։ Արեւմտեան երկիրներէ ներս մասամբ գործադրուող եւ երախաներուն անսահման ազատութիւնը՞ ճանչնալ կ՚ուզէք։ Կամ Ֆինլանտիոյ մէջ գործադրուած եղանա՞կն է։ Կամ ալ ամբողջովին իւրացնե՞լ Կենտերի տեսութիւնը։ Այս նոր ուսման վերաբերեալ ո՛չ անձիս ուղղեալ կամ ոչ ալ հարեւանցի բացատրութիւն մը լսած եմ։

Բ) Անձամբ ծանօթ եւ երկրէ ներս ուսուցման մեծ փորձառութեան տէր բարեկամներու մեկնաբանութեան համաձայն կայացած կամ կայացումը նպատակադրուած կարգ մը միջոցները կրնան հակասել ուման կանոնագրութեան։ Եթէ այդպէս է, անձամբ մեծ մտահոգութիւն կ՚ապրիմ։ Երիտասարդութեան տարիներուս Պոմոնթիի Մխիթարեան Վարժարանի ուղղակի մեր թերացումներու պատճառաւ անկման ականատես երած եմ։ Երբեք չեմ յօժարիր իմ հոգեւոր առաջնորդութեան շրջանին համայնքէ ներս նման սխալներու կրկնութեան։ Վերջապէս Մխիթարեան Վարժարանը ամենադժուար ժամանակահատուածներուն կանգուն պահած վերջին մեծ Մխիթարեան Հայր Գաբրիէլ Այանեանի ազնիւ յիշատակին հանդէպ բոլորս պարտական ենք։ Կրկնեմ՝ անոր ամենադժուար պայմաններու տակ հրաշքի համազօր կամքով մեզի թողած ժառանգը սնանկացնելու իրաւունք չունինք ոչ մէկս։

Գ) Առանց յստակ ու համոզիչ պատճառաբանութիւններ ներկայացնելու յանկարծակի որոշումով մը «ընդհանուր համակարգող», «ընդհանուր տնօրէն», կամ «ընդհանուր դիտորդ»ի նման կոչումներով պաշտօն հաստատելը նախ եւ առաջ այդ պաշտօնը արդէն տանողներու հանդէպ վիրաւորական է։ Եթէ նման կարիք մը կայ պէտք էր կանոնադրութիւնը նկատի ունենալով այլ կերպ վարուիլ եւ այս նիւթի մասին նախ եւ առաջ ինծի հետ խորհրդակցիլ։

Բացի այդ յատկապէս յիշեցնեմ թէ խնամակալներ իբրեւ սկզբունք դպրոցի ուսման ծրագրի վերաբերող նիւթերու շուրջ պարտին խորհրդակցիլ դպրոցի տնօրէնութեանց եւ ուսուցչաց խորհուրդներու հետ։ Ապա թէ ոչ կը մատնուինք Յակոբ Պարոնեանի 1,5 եւ Օտեանի 1 դար առաջ զաւեշտալի կերպով նկարագրած իրավիճակին։ Տակաւին մօտ անցեալին Պոլսոյ մէջ նման երեւոյթներ դժբախտաբար կրկնուեցան։ Օրինակելի վարժարանի դիրքին գտնուող Մխիթարեանին ալ նման փորձութեան մը մատնուիլը իսկապէս ցաւալի է։

Ուրբաթ օր պատահմամբ հանդիպեցայ միջնակարգի առաջին դասարանի աշակերտի մը մօր, երբեք պիտի չմոռնամ իր մատնուած թախիծը։ Բայց պիտի չմոռնամ նաեւ յատկապէս անոր հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Մենք ծնղներ այնքան գոհ ենք որ դպրոցէն, մեր միջեւ կ՚երազենք թէ երանի Մխիթարեանը Համալսարան ըլլար եւ մեր զաւակները հոն շարունակէին իրենց ուսումը»։

Շատ լաւ գիտեմ որ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար։ Տասը տարի է որ Պոլսոյ մէջ հոգեւոր առաջնորդ ըլլալով կը ծառայեմ։ Մէկ անգամ իսկ չեմ հանդիպած դպրոցի մասին դժգոհութեան արտայայտութեան։ Ընդ հակառակը միշտ գովասանք լսած եմ։ Այս չի նշանակեր որ մեր վարժարանը բացթողումներ, թերութիւններ, նոյնիսկ սխալներ չունի։ Նոյնիսկ ես անձամբ կրնամ կարգ մը թերութիւններու մասին խօսիլ։ Բայց կը խնդրեմ դուք ըսէք, արդեօք անթերի հաստատութիւն մը կա՞յ այս աշխարհի վրայ։ Սա ալ յաւելեմ թէ յատուկ պաշտօնակոչում նախատեսուած անձին նախապէս պաշտօնավարած դպրոցին համար –Բոլոր յարգանքս պահելով ըսեմ, մեր վարժարաններու միջեւ իսկ յատուկ փայլի մը վերաբերող գովասանք չեմ տեսած-։

Նոր վարչութիւնը եթէ որդեգրած է ամէն բանը փոխել, հետեւանքներն ալ նկատի ունենալու ստիպուած էք։

Դ) Ինչպէս նկատելի է այս վարգն ու զարգացումները զիս անձամբ վիրաւո-րած են։ Այս կ՚ըսեմ զանց առնելով իմ հոգեւոր առաջնորդի կոչումը։ Կը տես-նեմ թէ ուսման մասնագէտ մը փնտռած էք եւ մեր վարժարաններէն մէկուն նախկին տնօրէնը այդ պաշտօնին յարմար տեսած։ Նման պահանջի մը պահուն ինչո՞ւ չէք մտաբերած ձեզի այնքան մօտ ու հասանելի Լեւոն Զէ-քիեանի կարծիքը լսել։ Վերջապէս Զէքիեան իր կեանքը ուսման ու կրթու-

թեան նուիրած երկրի պայմաններուն քաջ ծանօթ եւ համաշխարհային գետնի վրայ փորձառու անձ մըն է։ Անոր Վենետիկի մէջ 38 տարիէ ի վեր կազմակերպած հայերէնի եւ հայ մշակոյթի խտացեալ դասընթացքները, ՀՀ երբեմնի Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ համարուած էին Հայաստանէ դուրս ամենամեծ ներդրումը ունեցող հաստատութիւն կոչումին։

Ե) Վստահ եմ որ ծրագրուած բազմաբովանդակ ընթացքի մը դէմ կը գտնուինք։ Կարիքը կը զգամ Պոլսոյ մէջ Մխիթարեան Միաբանութեան հո-գեւորականի եկեղեցիէ ներս օրինական դիրքը պարզելու։ 2016-ին Մխի-թարեան Միաբանութենէ ներս «Պապական փոխանորդ» կոչումը շնորհե-լով առկախուած եղան նախապէս գործող բոլոր պաշտօն ու իրաւասու-թիւնները։ Տրուած ըլլալով որ տարուայ մեծագոյն մասը կ՚անցնեն Պոլսոյ մէջ, Մխիթարեան հաստատութիւններու պատասխանատուութիւնը ան-ձամբ ստանձնեցի։ 2022-ի սկիզբներուն Պապական փոխանորդի պաշտօ-նէն հրաժարումէս ետք Մխիթարեան հայրերուն նոր պաշտօն մը չէ նշա-նակուած։ Անոնք այս պահուն միայն կը բնակին Իսթանպուլի մէջ եւ միաբանութեան անունով պաշտօն մը չունին։

Ես իբրեւ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ ստանձնած եմ նաեւ հոգեւորականներու վարքի դիտարկումը եկեղեցա-կան կանոններու սահմանումով։

 

ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷՔԻԵԱՆ