image

Պէյրութի մէջ. Թալանուած է «Սուրբ Նարեկի Տիրամօր» դարմանատունը

 Պէյրութի մէջ. Թալանուած է «Սուրբ Նարեկի Տիրամօր» դարմանատունը

 Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ թալանուած է Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Նարեկի Տիրամօր» անունը կրող դարմանատունը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

 

Կը նշուի, որ   դարմանատունը թալանողները  իւրացուցած են որողակի գումարներ, որոնք կային դարմանատան մէջ։ Ուշագրաւ է նաեւ, որ յանցագործները չեն մօտեցած դարմանատան մէջ գտնուող դեղի պահեստներուն, այլ անոնց նպատակը եղած է գումարներ  գողնալը։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ դարմանատան տնօրէն  Բժիշկ. Կոստան Եափուճեան  դիմած է  իրաւապահ մարմիններուն, որոնք իրենց կարգին քննութիւն բացած են դէպքին շուրջ։