Աշխատանքային այցով Դանիայի թագաւորութիւն գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպում ունեցած է Դանիայի վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսընի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Դանիա բազմաոլորտ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Մեթթյ Ֆրետերիքսընը ողջունած է ՀՀ վարչապետի այցը Քոփենհակըն եւ ընդգծած իր գլխաւորած կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ զարգացնելու եւ ընդլայնելու փոխգործակցութիւնը Հայաստանի հետ:
Վարչապետ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ կարեւորած կապերու զարգացման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
Միտքեր փոխանակուած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ։ Կարեւորուած է նաեւ բազմակողմ հարթակներու վրայ շարունակական համագործակցութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեանը զրուցակցին ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակը: Տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման ծիրէն ներս վարչապետն անդրադարձած է ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան շուրջ:
Նիկոլ Փաշինեանը Դանիայի վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսընը պաշտօնական այցով հրաւիրած է Հայաստան: Տիկին Ֆրետերիքսընը հրաւէրը սիրով ընդունած է: