image

Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան ժամանեց Լոս Անճելըս

Գերշ. Տ. Գեղամ  արք.  Խաչերեան ժամանեց  Լոս Անճելըս

  Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ  ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի (Կիլիկեան Թեմի)  Առաջնորդ  Գերշ.  Տ. Գեղամ   արք. Խաչերեան  ժամանած է  Լոս Անճըլըս  ստանձնելու համար իր նոր   պաշտօնը։

 Այս  մասին «Արեւելք»   տեղեկացաւ     Արեւմտեան Թեմի  դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Չորեքշաբթի, 1 Մայիս 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան հասաւ Լոս Անճելըս եւ օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Կլենտէյլի Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի եւ փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննիսեանի կողմէ, ապա ուղղուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարան, ուր ան ողջունուեցաւ իր միաբանակից հոգեւոր եղբօր՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեանի կողմէ, ընկերակցութեամբ՝ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ Տիկին Քնար Գորթոշեանի: