Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հրաւիրած է Պաքու՝ մասնակցելու նոյեմբերին կայանալիք ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովին (COP29)։
Այս մասին X-ի իր էջին յայտնած է Ուքրանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Սեյմուր Մարտալիեւը։
Դեսպանն ընդգծած է, որ Քիեւի մէջ հանդիպում ունեցած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Անտրէյ Սիպիկայի հետ, որոպ ընթացքին ալ անոր յանձնուած է Ալիեւի նամակը։