Պոլսէն վերահասու դարձանք, որ օրերս Սուրբ Պսակի Խորհուրդին արժանի դարձած է համայնքային շրջանակներու մէջ յարգուած ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններու թոռնուհին ՝ Մելոտին, որ իր ամուսնութիւնը կնքած է համայնքին մէջ յարգուած անձնաւորութիւն Պուրակ Էրիքին հետ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին «Ժամանակ» պարբերականի լրատւութիւնը միեւնոյն ժամանակ մեր անխառն խնդակցութիւններն ու շնորհաւորանքները յղելով Արէտ-Մոնիք Երկանեաններուն եւ անոնց պարագաներուն։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ջերմօրէն ողջունեցին Մելոտի եւ Պուրակ Էրիքին երիտասարդ ամոլի Սուրբ Պսակի խորհրդակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Փառաշուք արարողութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին շնորհաւորականը՝ հասցէագրուած ազգային երախտաշատ ու բազմամեայ բարերար Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլին։ Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Խորհրդակատարութեան հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ երիտասարդներուն ուղղեալ հայրական խրատական մըն ալ խօսեցաւ։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան խորանէն ընթերցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պատգամը։ Խաչեղբայրն էր Ճան եւ Լեռնա Էրիքին։
Համայնքային շրջանակները խնդակցութեամբ եւ անկեղծ բարեմաղթանքով հետեւեցան Սուրբ Պսակի խորհրդակատարութեան, որու ընթացքին մեր համայնքի երկու արժէքաւոր երիտասարդները միացուցին իրենց կեանքը։ Բոլորը ուրախակից էին Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններուն, որոնք կ՚ապրէին իրենց թոռնուհիին հարսանիքին ականատես դառնալու երջանկութիւնը։ Անոնք յուզումնախառն զգացումներու մէջ էին արարողութեան տեւողութեան։ Բոլոր անոնք, որոնք պսակադրութեան առթիւ եկեղեցի փութացած էին, համոզուած էին, թէ Երկանեաններու տասնամեակներէ ի վեր հետեւողականօրէն կատարած բարեգործութիւնները նորապսակ երիտասարդներուն տեսակէտէ կեանքի տեւողութեան բազմապատիկ օրհնութեան կը վերածուի։ Ս. Պսակի այնքան դիպուկ երգեցողութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Մելոտի եւ Պուրակ Էրիքինները ընդունեցին բոլորին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքը։ Հիւրերու շարքին էին համայնքային շրջանակներէ յայտնի դէմքեր, հասարակական գործիչներ, բարերարներ, հաստատութիւններու վարիչներ, ընտանեկան բարեկամներ, այլ ազգայիններ եւ նորապսակներուն ընկերները։
Եկեղեցական արարողութենէն վերջ, նոյն երեկոյեան ընթրիք մըն ալ սարքուեցաւ Գարագիւղի «The Peninsula Istanbul» պանդոկին մէջ։ Ընտանեկան այս հաւաքոյթն ալ անցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններով։ Միշտ հրաւիրեալներու շարքին էին համայնքային շրջանակներէն հիւրեր։ Այսպէս, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Իսթանպուլի երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Կալաթասարայ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Տուրսուն Էօզպեք, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ ուրախակից եղան նորապսակ երիտասարդներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք սիրելի Մելոտին եւ սիրելի Պուրակը, որոնց անխառն երջանկութիւն ու կանաչ ճանապարհ կը մաղթենք կեանքի ողջ տեւողութեան։
Կը շնորհաւորենք նորապսակ երիտասարդներուն երջանիկ ծնողները՝ մեր սիրելի բարեկամներ Վազգէն եւ Շէյտա Երկանեան-Նանեան ամոլը եւ Շահին եւ Միլանտա Էրիքին ամոլը, որոնք արդար ուրախութիւնը ապրեցան իրենց սիրասուն զաւակներու հարսանիքին ականատես դառնալով։ Կը շնորհաւորենք նաեւ մեզի նոյնքան սիրելի Նորա Էօզերը։ Մեր խնդակցութիւնները նաեւ խաչեղբօր՝ Ճան եւ Լեռնա Էրիքինին։
Անշուշտ, շնորհաւորութեան այս բաժնին մէջ կ՚ուզենք առանձնապէս խնդակցիլ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի վաղեմի բարեկամ, ազգային երախտաշատ բարերար եւ համայնքային բազմամեայ վարիչ Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին, որու հետքը միշտ զգալի է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Երկանեանները տասնամեակներէ ի վեր համայնքէն ներս ընկերային զօրակցութեան եւ բարեգործութեան ախոյեաններու շարքին կը դասուին՝ մանաւանդ մեր կրթական հաստատութիւններուն իրենց կողմէ բերուած նպաստով, երիտասարդներու ապագայի պատրաստութեան ճանապարհին իրենց յանձնառութեամբ։ Այդ բոլորի արժեւորումով Նախախնամութիւնը զանոնք արժանացուցած է իրենց յաջորդելիք երիտասարդներու ամուսնական կեանքի մեկնարկին վկայելու օրհնութեամբ։ Ուստի, այս զգացումներով զիրենք կ՚ողջունենք՝ արեւշատութեան մաղթանքով։