image

Լիբանանի մէջ. Նուէր Այնթապեան- Ժինեանի մահը

Լիբանանի մէջ. Նուէր Այնթապեան- Ժինեանի մահը

 Այնճարէն տխուր լուր ստացանք։

 Մահացած է երիտասարդ հայուհի եւ զաւակաց մայր՝ Նուէր Այնթապեան Ժինեանը (ծնեալ 1972-ին Այնճար)։

 Հայուհին ըլլալով  հայկական աւան՝ Այնճարի հարազատ զաւակներէն մին երկար ժամանակներով  իր մասնակցութիւնը բերած է համայնքի կեանքի ծառայելով տարբեր միութիւններու եւ մարմիններու մէջ։

Եւ այսպէս ան եղած «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամ,  ՀՅԴ ԼԵՄի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ, ՀՄԸՄ Այնճարի սկաուտ եւ մարզիկ, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամ, Ազգ. Յառաջ Գալուստ Կիւլպէնկեան հայերէնի ուսուցչուհի։ Աւելի ուշ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Շամլեան Թաթիկեան վարժաններէ ներս հայերէնի ուսուցչուհի, Ճեմարանէն ներս մանկաամսուրի ուսուցչուհի, ինչպէս նաեւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է  ԼՕԽ-ի, Համազգայինի , Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբի,  Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբէն ներս։

Ըլլալով նուիրեալ հայուհի հայեցի դաստիարակութեամբ օժտած է իր երեք սիրելի զաւակները, դառնալով իսկական հայ մօր յարգալից մայրերէն մին։

Սփիւռքեան պայմաններուն եւ օտար հողին վրայ ծառայած, գործած եւ մայրացած իւրաքանչիւր հայուհի արժանի է մեր բոլորի երախտիքին եւ յարգանքի խօսքերուն։

 

  Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը։