Օրերս, Իրաքի Զախօ քաղաքին մէջ, հանդիսապետութեամբ տեղի առաջնորդ Գեր. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, յընթացս Սուրբ Պատարագի տեղի ունեցած է Զախոյի նորակառոյց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դռներու օծման արարողութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է.
Յաւարտ Զախոյի Հայ Առաքելական Սբ. եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, Իրաքահայ Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը` արժ. Տ. Արթուն քհն. Խալաթեանի և արժ. Տ. Մասիս քհն. Շահինեանի ինչպէս նաեւ դպրաց և սարկաւագաց դասերու և հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան` Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Սբ. Աստուածածին նորակառոյց եկեղեցւոյ Դռները։
Յիշենք որ Պատարագի ընթացքին, զոր մատուցեց Արժ. Տ. Յակոբոս քհն. Իսահակեանը, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց եկեղեցական իրեր, որոնք յաջորդ Շաբաթ օր, նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումէն ետք, Սբ. Խորանը պիտի զարդարեն։