image

Ըստ բրիտանական HSBC-ին. Ամերիկեան Տոլարը յոգնածութեան նշաններ ցոյց կու տայ

Ըստ բրիտանական HSBC-ին. Ամերիկեան Տոլարը յոգնածութեան նշաններ ցոյց կու տայ

HSBC-ի արտարժոյթի հետազօտութիւններու համաշխարհային ղեկավար Փոլ Մաքքիլ խօսած է տոլարի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»

Ամերիկեան Wall Street Journal-ը մէջբերած է HSBC-ի արտարժոյթի հետազօտութեան համաշխարհային ղեկավար Փոլ Մաքքիլին, ըսելով, որ «ամերիկեան տոլարը յոգնածութեան նշաններ ցոյց կու տայ»։

Մաքքիլ բացատրած է, որ թուլութեան այս նշանները տոլարի վրայ ի յայտ կու գան՝ ամերիկեան տնտեսական աշխուժութեան նուազման, ռիսքի դիմելու մեծ ախորժակի, ինչպէս նաեւ արտարժոյթներու ոլորտի մէջ Չինաստանի եւ Ճափոնի վարած քաղաքականութեան լոյսի ներքոյ, որոնք կը կանխեն տեղական արժոյթի թուլութիւնը:

Ան ընդգծած է, որ անցեալ՝ 2023 տարուան ընթացքին տոլարը ուշադիր կը հետեւէր դաշնային տոկոսադրոյքի ակնկալիքներու փոփոխութիւններուն, նշելով, որ «հնարաւոր է, որ դժուար ըլլայ որեւէ յաւելեալ գնիջեցում սահմանել, քանի դեռ Դաշնային պահուստի կողմէ տոկոսադրոյքները բարձրացնելու անսպասելի սենարը չէ իրականացած»:

HSBC-ի դրամատունը նշած է, որ  Միացեալ Նահանգներու մէջ գնաճի տուեալները, մանրածախ վաճառքը եւ արդիւնաբերական արտադրութիւնը այն ​​կէտերն են, որոնք պէտք է վերահսկուին այս շաբաթ՝ տոլարի պայմանները գնահատելու համար:

Դրամատունը աւելցուցած է. «Եթէ այս տուեալները անսպասելի անկում ապրին, այդ կրնայ Ամերիկեան  տոլարը դնել աւելի բարդ դրութեան մէջ՝ կրկին խաղադաշտ բերելով Դաշնային պահուստի աւելի շատ (մեծ) թուլացում»: