Վլատիմիր Զելենսքին ըսած է, որ անհրաժեշտ է ուքրանական քաղաքացիութենէ զրկել ռուսական անձնագիր ունեցող ուքրանացիները։
Ան յայտնած է, որ հաւանութիւն տուած է արգիլուած Ընդդիմադիր հարթակի պատգամաւորներու՝ Վիքթոր Մետվետչուքին, Անտրէյ Տերքաչին, Թարաս Քոզաքին եւ Ռենաթ Քուզմինին Ուքրանիոյ քաղաքացիութենէ զրկելու մասին որոշման։
«Մեր խնդիրն է, որ բոլոր այն մարդիկ, որոնք ունին երկքաղաքացիութիւն, եռաքաղաքացիութիւն, այդ շարքին՝ Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն, որոնք ունին հոգեւոր կամ քաղաքական ազդեցութիւն մեր երկրի վրայ, բոլոր այդ մարդիկ պէտք է մնան միայն մէկ՝ Ռուսիոյ քաղաքացիութեամբ եւ ապրին համապատասխան պետութեան մէջ»,-ըսած է Զելենսքին։