Կառավարութեան որոշմամբ պիտի ապահովուի Կազայի հատուածէն առողջական լուրջ խնդիրներ ունեցող երեխաներու Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխելը եւ անոնց անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւնը ՀՀ առողջապահական հաստատութիւններու մէջ կազմակերպելը։
Այդ նպատակով ՀՀ կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն 16,7 միլիոն դրամ պիտի յատկացուի ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան։
Ըստ հիմնաւորման՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է եւ ներկայիս համապատասխան աշխատանքներ կը կատարէ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ համատեղ՝ Կազայի հատուածէն առողջական լուրջ խնդիրներ ունեցող մինչեւ տասը երեխայ ՀՀ տեղափոխելու եւ անոնց անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւնը ՀՀ առողջապահական հաստատութիւններու մէջ կազմակերպելու նպատակով։
Երեխաներու առողջական վիճակի նախնական գնահատման արդիւնքով դիտարկուած 11 հիւանդէն ընտրուած էր 7-ը, որոնց բուժումը հնարաւոր է կատարել Հայաստանի մէջ։ Այնուամենայնիւ, նշուած 7 ընտանիքներէն միայն 3-ը համաձայնած են առաւելագոյնը մէկ ուղեկցող անձի հետ ՀՀ-ի մէջ հիւրընկալուելու պայմանին: