Սրտի խոր կսկիծով տեղեկացայ Ս. Ծննդեան օրը, իր անուան արժանի, ազնիւ խաչուհի և ազգականիս Ազնիւ Թորոսեանի մահը: Կարծես օրն ալ Աստուած դասաւորած էր այնպէս, որ իր քրիստոնէական խոր հաւատքին ու Տիտիմօթիխօյի «Ս. Գէորգ» եկեղեցւոյ իր երկարամեայ բացառիկ ծառայութեան հետ առընչուի: Ազնիւը Գոմոթինիի մէջ 1941-ին ծնած Չիլինկիրեան ընտանիքի զաւակն էր: Բ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, մեր մանկութիւնը անցուցած ենք շատ յաճախ միասին, քանի մենք 30 հոգիէ աւելի ազգականներ, մէկ ընտանիքի նման կ’ապրէինք, որովհետև մեր ծնողները, մեզ կը պահէին լաւագոյն կարելի պայմաններու մէջ, միշտ իրարու կողքին դիմագրաւելով բոլոր դժուարութիւնները:
Անմոռանալի յիշատակներ ունիմ այդ շրջանէն, ինչպէս մեր մէջ ամէնէն փոքր անուշիկ եւ գեղեցիկ Ազնիւէն, մինչև իր մեծ մօր Թագուհիին տպաւորիչ ասացուածքը՝ «Որչափ ալ դժուար ըլլայ Հայ ապրիլ օտարութեան մէջ,ես եթէ կրկին աշխարհ գամ, Հայ կ’ ուզեմ ըլլալ»:
Այս մէկ նախադասութիւնը յստակ ցոյց կու տայ թէ Ազնիւը ինչ ընտանիքի մէջ ծնած է, ազգային ինքնութեան եւ Հայու գոյատևման սկզբունքներով: Հակառակ անոր, որ 1946-էն վէրջ հայկական դպրոց չի կար Գոմոթինիի մէջ, Ազնիւը եւ շատ այլ տղաք եւ աղջիկներ, հօրաքրոչս՝ վաստակաւոր ուսուցչուհի Պայծառ Պէօրէքճեան – Սօմունճեանի շնորհիւ, սորվեցան իրենց մայրենի լեզուն ու նաև երգեր, պարեր, մասնակցեցան ներկայացումներու, մէկ խօսքով կարողացան, ըստ կարելւոյն, ծանօթանալ մեր մշակութային արժէքներուն:
Ազնիւը, ոչ միայն սորվեցաւ եւ գնահատեց մեր արժէքները, այլ նաև զանոնք նոր սերունդի փոխանցելու լուրջ պատասխանատուութիւնը ստանձնեց, երբ ամուսնանալով Գրիգոր Թորոսեանին հետ 1968ին փոխադրուեցաւ Տիտիմօթիխօ: Իր նոր ընտանիքը ևս ազգային ծառայասիրութեամբ շարունակեց հայապահպանման գործը, սահմանամերձ Օրեսթիատա – Տիտիմօթիխօ փոքրաթիւ համայնքէն ներս: Զոյգը ունեցաւ երկու զաւակներ՝ Զէնօբը եւ Գէորգը և միշտ սիրով ծառայեց՝ Գրիգորը, թաղային մարմնոյ մէջ, իբր երկարամեայ ատենապետ, իսկ Ազնիւը, Հ.Գ. Խաչի «Նայիրի» մասնաճիւղին անխոնջ ատենապետուհին էր:
Մեր նուիրեալ խաչուհին 80-ական թուականներուն աւելի քան տասը տարիներ ամէն ջանք թափած էր սորվեցնելու մայրենի լեզուն, թէկուզ տարրական ձեւով, մատղաշ սերունդին: Վստահ եմ, թէ անմոռանալի կը մնան նաև բոլոր ուխտաւորներուն համար, Ս. Գէորգի տօնին առիթով, իր կազմակերպած ձեռնարկները, իր արտասանած հայաբոյր բացման խօսքերը: Այդ ոգիով, ներկայիս կը ծառայէ իբր ատենապետ թաղային մարմնոյ իր զաւակը Գէորգ Թորոսեան:
Մեր սիրեցեալ խաչուհին պիտի յիշենք իբր ազնիւ, համեստ, անշահախնդիր, օրինակելի Հայուհի մը: Իսկ իմ սրտի մէջ, պիտի մնայ միշտ կարծես իբր երկրորդ «քոյր»:
Խորին ցաւակցութիւններ, իր զաւակներուն, թոռներուն, բոլոր հարազատներուն: Աստուած լուսաւորէ իր խորապէս հաւատացեալ ազնիւ հոգին: