image

Ըստ վերջին հաշուարկներու՝ Ուքրանիոյ վերականգնումը պիտի արժէ շուրջ 500 միլիառ եւրօ. վարչապետ

Ըստ վերջին հաշուարկներու՝ Ուքրանիոյ վերականգնումը պիտի արժէ շուրջ 500 միլիառ եւրօ. վարչապետ

Ըստ վերջին հաշուարկներու՝ Ուքրանիոյ վերականգնումը պիտի արժէ շուրջ 500 միլիառ եւրօ. այս մասին Ուքրանիոյ կառավարութեան եւ Եւրոյանձնաժողովի համատեղ նիստին ըսած է վարչապետ Տենիս Շմիկալը, գրած է rbc.ua-ն:

«Երբ կը խօսինք Ուքրանիոյ վերականգնման մասին, այդ կը նշանակէ, որ եւրոպական ընկերութիւնները կրնան ներդրումներ կատարել այդ ջանքերուն մէջ: Վերջին գնահատականները ցուց կու տան, որ վերականգնումը պիտի արժէ մօտ 500 միլիառ եւրօ: Վերականգնումը կրնայ magnum opus (մեծ գործարք) դառնալ Եւրոպայի համար՝ միաւորելով եւ ամրապնդելով Ուքրանիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ համագործակցութիւնը»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ վերականգնումը պիտի արժէ մօտ 700 միլիառ տոլար։ Զելենսքին միաժամանակ նշած էր, որ վերականգնման պիտի մասնակցին Ուքրանիոյ բոլոր գործընկերները, եւ որ անոնք պատրաստ են նման գումար յատկացնելու։