Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դադրեցուցած է ռազմական օգնութիւնն Ուքրանիոյ՝ անցեալ շաբաթ Սպիտակ տան մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ «բախումէն» ետք. այս մասին Reuters-ին ըսած է Սպիտակ տան պաշտօնեան՝ անանունութեան պայմանով:
«Նախագահը յստակ ըսած է, որ կեդրոնացած է խաղաղութեան վրայ: Մեզի պէտք է, որ մեր գործընկերները նոյնպէս հաւատարիմ ըլլան այս նպատակին: Մենք պիտի կասեցնենք եւ պիտի վերանայինք մեր օգնութիւնը՝ նպաստելու (ուքրանական ճգնաժամի) կարգաւորման», -ըսած է Սպիտակ տան ներկայացուցիչը։
Միեւնոյն ժամանակ յստակ տեղեկութիւն չկայ՝ որքան պիտի տեւէ օգնութեան տրամադրման կասեցումը:
Յիշեցնենք, որ փետրուար 28-ին Սպիտակ տան մէջ թէժ լեզուակռիւ տեղի ունեցած է Թրամփի, փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի եւ Զելենսքիի միջեւ, որու հետեւանքով Ուքրանիոյ ղեկավարը վաղաժամ լքած է Սպիտակ տունը՝ առանց որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելու: ԱՄՆ նախագահը Զելենսքին մեղադրած է «երրորդ համաշխարհային պատերազմի հետ խաղաղու, ԱՄՆ-ի օգնութիւնը չգնահատելու եւ հրադադար չուզելու համար»։ Աւելի ուշ Թրամփ յայտնած է, որ «Զելենսքին պատրաստ չէ խաղաղութեան»։