Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնին կոչ ըրած է ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի երկիրներու արտակարգ գագաթնաժողով կայացնելու:
«Անհրաժեշտ է շտապ գագաթնաժողով ԱՄՆ-ի, եւրոպական երկիրներու ու դաշնակիցներու միջեւ, որ անկեղծ խօսինք այն մասին, թէ ինչպէս մտադիր ենք յաղթահարել այսօրուան լուրջ մարտահրաւէրները՝ սկսած Ուքրանիայէն, որ մենք միասին պաշտպանած ենք վերջին տարիներուն: Մենք պատրաստ ենք շարունակելու բանակցութիւնները»,-ըսած է Մելոնին:
Նշուած է, որ Իտալիան մտադիր է այդ առաջարկը քննարկել գործընկերներու հետ: