«Քոլոմպիոյ յայտարարութիւնը երկրի ներքին գործերուն Ռուսաստանի միջամտութեան մասին ԱՄՆ-ի պատուէրները կատարելու հետեւանքն է»: Այս մասին յայտարարած է դաշնութեան խորհուրդի միջազգային կոմիտէի ղեկավարի առաջին տեղակալ, Անվտանգութեան Դաշնային ծառայութեան (ԱԴԾ) զօրավար՝ Վլատիմիր Ճապարով, գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Անոր խօսքով՝ Քոլոմպիոյ իշխանութիւնները վաղուց արդէն ամերիկացիներու խամաճիկն են, իսկ ԱՄՆ-ը պատրաստ է ցանկացած շարժման ժամանակ հակառուսական յայտարարութիւններ օգտագործել: «Կը կարծեմ, որ այս ամէնը ծրագրուած է Ուաշինկթոնի մէջ, եւ քոլոմպիացիները, խամաճիկներու նման, կը կրկնեն. մենք իրական յարաբերութիւններ չունինք Քոլոմպիոյ հետ,- ըսած է քաղաքական գործիչը: «Ընելու բան չունինք, մնացած է Քոլոմպիայով զբաղինք»,- հեգնանքով աւելցուցած է Ճապարով:
Նշենք, որ Քոլոմպիոյ պաշտպանութեան նախարար՝ Տիէկօ Մոլանօ Ափոնտեն ընկերային ցանցերու միջոցով յայտարարած էր Ռուսաստանէն բխող cyber յարձակումներու եւ բողոքի ցոյցերու ընթացքին բռնութիւններ հրահրելու մասին: Քոլոմպիան ապրիլի վերջը դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած էր՝ զանգուածային բողոքի ցոյցերու եւ փողոցային բռնութիւններու պատճառով: Չորեքշաբթի օր, երկրին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ բազմահազարանոց ցոյցը եւ նոր երթերը նախատեսուած են մայիսի վերջին շաբթուան մէջ: