image
Հրատապ լուրեր:

Թեհրան անհանգստացած է իր դեսպանատան առջեւ ցոյցերով, կը մեղադրէ ՀՀ իշխանութիւնները

Թեհրան անհանգստացած է իր դեսպանատան առջեւ ցոյցերով, կը մեղադրէ ՀՀ իշխանութիւնները

Իրանին կ՚անհանգստացնէ այն փաստը, որ Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան. այս մասին յունուար 14-ի ասուլիսին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Խալիլ Շիրղոլամին։ Ըստ դեսպանի՝ ցուցարարներու յաջողութեան պարագային պարտուողներէն մէկը պիտի ըլլայ Հայաստանը։

«Իրանի պաշտօնեաներն անհանգստացած են, որ խումբ մը մարդոց կանաչ լոյս կը տրուի գալու Իրանի դեսպանատան դիմաց եւ շատ անարգալից ու վիրաւորական արտայայատութիւններ հնչեցնելու։ Արդէն վեց օր է՝ երեկոյեան ժամը 18։00-21։00-ն ինկած ժամանակահատուածին, խումբ մը մարդիկ կը հաւաքուին, վիրաւորական արտայայտութիւններով հանդէս կու գան, եւ, ի հեճուկս մեր բողոքի, այդ գործընթացը կը շարունակուի», –ըսած է դեսպանը։

Անոր խօսքով՝ Իրանը «ամենադաժուար ժամանակներուն կանգնած է Հայաստանի պետութեան եւ ժողովուրդի կողքին»։

«Օրինակները շատ են։ Հիմա մենք դժուար վիճակի մէջ ենք։ Եւ այն իրադարձութիւնները, որոնք ամէն օր տեղի կ՚ունենան Իրանի դեսպանատան առջեւ, պիտի մնան Իրանի ժողովուրդի պատմական յիշողութեան մէջ։ Կը կարծեմ՝ ամէն ինչ շատ յստակ ըսի», – նշած է դիւանագէտը։

Դեսպանին հարց ուղղուած է, թէ արդեօք այս ամէնը կրնայ ազդել երկկողմ յարաբերութիւններու վրայ եւ արդեօք մտահոգութիւնները փոխանցուած են Հայաստանի ղեկավարութեան։

«Ի սկզբանէ բազմիցս փոխանցուած են այս մտահոգութիւնները պատկան մարմիններուն։ Թեհրանի մէջ կարծիք կը ձեւաւորուի, որ Հայաստանը կը դառնայ Իրանի դէմ թշնամաբար տրամադրուած ուժերու գործողութիւններու համար լուրջ կեդրոն», – նշած է դիւանագէտը։