image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Փութինի Ուքրանիոյ հակայարձակումը ձախողած է

Ըստ Փութինի Ուքրանիոյ հակայարձակումը ձախողած է

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ Քիեւի հակայարձակումը ձախողած է: Ան այս մասին ըսած է Ս. Փեթերսպուրկի Քոնսթանթինովսքի պալատին մէջ Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հանդիպման, գրած է interfax.ru-ն:

«Հակայարձակում չկայ», - ըսած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն Փութինի հետ բանակցութիւններու ժամանակ։

Ատոր ի պատասխան Փութին աւելցուցած է՝ «Կայ, բայց ձախողած է»։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Փութինի եւ Լուքաշենքոյի հանդիպումը սկսած է Քոնսթանթինովսքի պալատին մէջ։ Պետութիւններու ղեկավարները բանակցութիւններուն միասին ժամանած են՝ մէկ մեքենայով։