Իսկ այսօր, ի՞նչ իրավիճակ կը ներկայացնէ Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւնը 33 տարիներ անց։ Արդեօ՞ք Հայաստան «ձախողած պետութիւներու» շարքին է։ Պիտի փորձենք առաւելագոյնս խուսափիլ զգացական մօտեցումներէ եւ նայիլ այս հարցին զուտ բանականութեան, իրատեսութեան, անաչառութեան տեսանկիւնէ, եւ բնա՚ ւ ականջահաճոյ կամ ամբոխահաճոյ լաւատեսական «հայրենասիրութեամբ» կամ կատարուած իրողութիւնները «անխուսափելի» համարելով։ Այո ցաւոտ ճշմարտութիւնը աւելի ընդունելի եւ ուսուցանող է քան հաճելի եւ զուարճալի սուտը կամ կիսաճշմարտութիւնը։
Ձախողած է այն պետականութիւնը, որ մի քանի գործոններու առկայութեամբ ՝ ինչպիսիք են քաղաքական անկայունութիւնը, քաղաքացիական անհնազանդութիւնը, կառավարման բացակայութիւնը, եւայլն, որոնք միջազգային ընտանիքի կողմէ կը դասուին որպէս թոյլ, անմրցունակ եւ անկարող ՝ երկրի ներքին թէ արտաքին պետական կառավարման համակարգը վստահելի, կայուն եւ յուսալի դարձնելու պարտաւորութեամբ։ Որպէս նախկին ձախողած պետութիւններ, կրնանք նկատել հետեւեալ երկիրները.- Սոմալի, Աֆղանիստան,Եմէն, Սուրիա, Հաիթի, Հարաւային Սուտան, եւայլն։
«Ձախողած պետութիւն» խօսոյթը միջազգային օրէնքով եւ ըստ միջազգային յարաբերութիւններու, ընդունուած քաղաքական կամ դիւանագիտական հասկացողութիւն մը չէ եւ ան անպայմանօրէն չի նշանակէր որ տուեալ երկրի իշխանութիւնը վերջնականապէս փլուզուած է։ Այսուհանդերձ, ան կ՚ ուղարկէ այն ազդակը, որ երկիրը կը դիմագրաւէ վտանգաւոր անկայունութիւն եւ անոր անկառավարելիութիւնը անխուսափելի կը դառնայ։ Կարգ մը պարագաներուն ձախողած երկիր խօսոյթը կը փոխարինուի «փխրուն պետութեամբ»։
Ընդհանրապէս, ձախողած պետութիւն հասկացողութիւնը կը նշանակէ, որ ինքնիշխան ազգային- պետութիւնը կորսնցուցած է իր համար երկու կարեւորագոյն առաջնահերթ կարողութիւնները ՝
Կարողութիւնը պահպանելու իր իշխանութիւնը սահմանադրական եւ օրէնսդրական կանոններու առկայութեամբ, յանուն քաղաքացիներու անվտանգութեան եւ բնականոն կեանքի։
Կարողութիւնը պաշտպանելու իր պետական սահմանները։
Բազմաթիւ պարագաներուն, ձախողած պետութիւններու կառավարութիւններ կը կորսնցնեն իրենց կարողութիւնը ՝ հայթայթելու հանրութեան հիմնական կարիքները, պարտադրել օրէնքները կամ պաշտպանել իր քաղաքացիները ներքին թէ արտաքին վտանգներով պայմանաւորուած։
Ծայրահեղ պարագաներուն, ձախողած պետութիւններուն բաժին կը հասնին քաղաքացիական պատերազմները, սովը, համաճարակը եւ մեծածաւալ արտագաղթը։ Ձախողած պետութիւններ շատ յաճախ թիրախ կը դառնան քրէական ցանցերու, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, եւ միջազգային գեր-տէրութիւններու, որոնք հարմար եւ պատեհ առիթը կը նկատեն իրենց աշխարհաքաղաքական շահերը իրականացնելու։
Պետութիւններու ձախողման պատճառները.-
Գոյութիւն ունին շատ պատճառներ սկսելով քաղաքական անկայունութենէն, տնտեսական ձախող քաղաքականութիւնէն մինչեւ պետական անյաջող եւ սխալ կառավարում։
Իսկ այսօր, ի՞նչ իրավիճակ կը ներկայացնէ Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւնը 33 տարիներ անց։ Արդեօ՞ք Հայաստան «ձախողած պետութիւներու» շարքին է։ Պիտի փորձենք առաւելագոյնս խուսափիլ զգացական մօտեցումներէ եւ նայիլ այս հարցին զուտ բանականութեան, իրատեսութեան, անաչառութեան տեսանկիւնէ, եւ բնա՚ ւ ականջահաճոյ կամ ամբոխահաճոյ լաւատեսական «հայրենասիրութեամբ» կամ կատարուած իրողութիւնները «անխուսափելի» համարելով։ Այո ցաւոտ ճշմարտութիւնը աւելի ընդունելի եւ ուսուցանող է քան հաճելի եւ զուարճալի սուտը կամ կիսաճշմարտութիւնը։
Վերոնշեալ «ձախողած պետութեան» մը պատճառները նկատի ունենալով, դժբախտաբար պիտի չվարանինք ըսելու, որ այո Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւնը «ձախողած պետութիւն» մըն է իր հիմնադրութեան (1991) առաջին իսկ օրէն։ Սխալ եւ անարդիւնաւէտ պետական կառավարման համակարգէն, սխալ ներքին եւ արտաքին տնտեսական քաղաքականութենէն, սոցիալական անարդարութենէն, անվէրջ ներքաղաքական պայքարներէն, ծրագրուած անվտանգային ռազմավարութիւն եւ ճարտարապետութիւն չունենալէն, նախկին համակարգի քաղաքական եւ կենցաղային արատաւոր մշակութային բարքերու ներկայութենէն, բազմահազար քաղաքացիներու արտագաղթէն, սխալ ռազմավարական դաշնակիցներ ընտրելէն, պետութեան բարձրաստիճան պաշտօններուն փորձառու եւ գրագէտ քաղաքական գործիչներու բացակայութենէն, պետութեան ռազմավարական ենթակառուցվածքները օտարին նուիրելէն, սխալ աշխարհաքաղաքական ուղղի որդեգրելէն մինչեւ հայոց բանակի վերափոխման եւ գերարդիական սպառազինութեամբ կահաւորելու բացակայութիւն։
Ստեղծուած եւ շարունակուող այսպիսի աղէտալի եւ վտանգներով լի վիճակին համար, մեղաւոր ենք նախ ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ՝ հայրենաբնակ եւ սփիւռքաբնակ հայերով, յետոյ մեզ շրջապատող հակառակորդները եւ ոչ -բարեկամաբար տրամադրուած արտաքին ոյժերը։
Գէորգ Հալէպլեան