Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի օգնականը եւ Ուքրանիոյ հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մետինսքին զայրոյթ առաջացուցած է Ատրպէյճանի մէջ՝ համեմատելով Ուքրանիոյ պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի՝ տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան հետ։ Ռուսական պետական RT հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին Մետինսքին զգուշացուցած է համաշխարհային աղէտի մասին, եթէ Ուքրանիոյ հետ մշտական խաղաղութեան համաձայնագիր չկնքուի։
«Եթէ մենք չհամաձայնինք իրական խաղաղութեան շուրջ եւ պարզապէս ստորագրենք որեւէ տեսակի զինադադար… ապա այդ պիտի ըլլայ նման այդ վիճելի տարածաշրջանի՝ Ղարաբաղի, որ կը գտնուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Այդ տարածաշրջանը [հարաւարեւելեան Ուքրանիան] պիտի վերածուի հսկայ Ղարաբաղի։ Ի վերջոյ, Ուքրանիան ՆԱԹՕ-ի հետ միասին պիտի փորձէ այն ետ վերցնել, եւ այդ պիտի ըլլայ մեր մոլորակի վերջը, այդ պիտի տանի միջուկային պատերազմի։ Մենք չենք ուզեր ունենալ պատրուակ՝ հսկայ Ղարաբաղ, որ ոչ ոքի կողմէ ճանչցուած է, որու պատճառով կրնայ միջուկային պատերազմ սկսիլ», –ըսած է Մետինսքին։
Ռուսիոյ նախագահի օգնականի յայտարարութիւնը սուր արձագանգի արժանացած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ մեղադրած է Մետինսքին «պատմական փաստերը խեղաթիւրելու եւ «Ղարաբաղի տարածաշրջանի» կարգավիճակը սխալ ներկայացնելու մէջ»։
«Վլատիմիր Մետինսքիի դիտողութիւնները, որոնք կ՚աղաւաղէին հայ-ատրպէյճանական նախկին հակամարտութեան վերաբերեալ փաստերը եւ կը ներկայացնէին ղարաբաղի տարածաշրջանը որպէս վիճելի տարածք, ընդունուեցան ափսոսանքով եւ զարմանքով», –յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատէն։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան այսօր՝ 10 յունիսին, յայտարարած է, որ Ռուսիան Ղարաբաղը պաշտօնապէս կը ճանչնայ որպէս Ատրպէյճանի տարածք:
Զախարովան կոչ ըրած է պարունակէն չհանելու Ղարաբաղի մասին Մետինսքիի խօսքերը եւ ատոնց չտալու «բոլորովին այլ իմաստ»։ Զախարովան նշած է, որ Ղարաբաղի մասին իր մեկնաբանութեան մէջ Մետինսքին խօսած է իրավիճակի պատմական երեւոյթի եւ ընկերա-մշակութային առանձնայատկութիւններու մասին։