image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Փեսքովի. Երեան-Պաքու համաձայնագիրը «սարերու ետին չէ»

Ըստ Փեսքովի. Երեան-Պաքու  համաձայնագիրը «սարերու ետին չէ»

Ոչ ոք կը շտապէ, բայց տեսանելի ապագային Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ համաձայնագրի ստորագրումը հնարաւոր է, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Իսկապէս, երէկ նախագահ Փութինը, (Ատրպէյճանի նախագահ) Ալիեւը եւ վարչապետ (Հայաստանի վարչապետ)  Փաշինեանը պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերին եւ յանձնարարականներ տուին, որ համապատասխան փոխվարչապետները հանդիպին յաջորդ շաբաթ, այսինքն՝ մէկ շաբաթէն։ Այդ պիտի ըլլայ յաջորդ շաբթուան վերջը։ Անոնք պիտի հաւաքուին Մոսկուա եւ յղկեն այն խնդիրները, որոնք կան, կայ սկզբունքային ըմբռնում, թէ ինչպէս լուծել անոնք, բայց մենք դեռ պէտք է պայմանաւորուինք մանրամասնութիւններու շուրջ»,- լրագրողներուն ըսած է Փեսքով՝ պատասխանելով հարցին, թէ, ըստ Քրեմլինի, կարելի է այս հանդիպումը վերջնական համարել խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրումէն առաջ:

Աւելի վաղ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետները մէկ շաբաթէն պիտի հանդիպին եւ քննարկեն Ղարաբաղի վերաբերեալ տեխնիկական հարցերը։ Ան պարզաբանած էր, որ կայ ընդհանուր տեսակէտ, կայ «պետութիւններու ղեկավարներու ըմբռնում, թէ ինչպէս կարելի է այդ լուծել», ուստի «աշխատանքային մակարդակով այլեւս պէտք չէ ստեղծուին արհեստական ​​խոչընդոտներ»։

«Ամէն ինչ մինչեւ վերջ վերջնական տեսքի բերելու խնդիր չկայ, քանի որ կարեւորը ամէն պարագային վերջնական արդիւնքն է։ Ոչ ոք կը շտապէ։ Եւ այդ նկատառումներով, դժուար թէ հիմա ինչ որ մէկը կարողանայ կանխատեսել խաղաղութեան պայամանգրի ստորագրման ճշգրիտ օրը։ Թէեւ, նորէն, ինչպէս երէկ հանդիպման ժամանակ ըսուեցաւ, այժմ շատ առումներով փոխուած են հանգամանքները եւ փաստացի հայեցակարգային առումով։ Այս բոլոր հանգամանքները թոյլ կու տան տեսանելի ապագային կնքել խաղաղութեան պայմանագիր»,- մանրամասնած է պետութեան ղեկավարի մամուլի քարտուղարը։